2012-09-03 10:47:38

Տիմանի Մէջ Ռայի Պատրիարքը Կ՛ընդունի Վարչապետ Միքաթին


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին Տիմանի մէջ ընդունեց վարչապետ Միքաթին, որուն ընկերակցեցան շարք մը նախարարներ, որոնց շարքին` Վրէժ Սապունճեան, Ահմետ Քարամէ, Ժըպրան Պասիլ, Ֆայեզ Ղոսըն, Ֆատի Ապպուտ, Շաքիպ Քըրթպաուի, Սելիմ Ժրայսաթի, Կապի Լայեուն, Ուալիտ Տաուք եւ Մարուան Շարպել:

Վարչապետ Միքաթի եւ Ռայի պատրիարք ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, ապա ընդարձակ հանդիպումի մը ընթացքին, ներկայութեամբ նաեւ նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյրի, քննարկեցին լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան գործունէութեան եւ անոր դժուարութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութեան մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան բազմաթիւ հարցեր, սակայն համախոհութիւնը եղաւ տիրական` Լիբանանի միասնականութիւնը պահպանելու առումով:

Վարչապետ Միքաթի անհրաժեշտ նկատեց Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետի Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը եւ Պէյրութի մէջ Սրբազան Հօր կողմէ Առաքելական յորդորակի յայտարարութիւնը:

Ան հաստատեց, որ այս առիթով Արեւելքէն մեծ թիւով հոգեւորականներ պիտի ժամանեն Լիբանան, եւ կոչ ուղղեց անոնց իրենց երկիրներուն քաղաքացիները եւս հրաւիրելու Լիբանան:

Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ իրենք տեղեակ են կառավարութեան դիմագրաւած հսկայ դժուարութիւններուն մասին:
Ան շեշտեց, որ Աստուծոյ ձեռքը Լիբանանի վրայ է` աւելցնելով, որ պապին կողմէ Առաքելական յորդորակը Լիբանանէն յայտարարելը մեծ նշանակութիւններ ունի եւ յատուկ պատգամ կը փոխանցէ ամբողջ աշխարհին եւ յատկապէս Արեւելքին ու Արեւմուտքին:


Միւս Կողմէ Լիբանանու երբեմնի վարչապետ Սաատ Հարիրի հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան կատարելիք ճամբորդութեան յայտարարած է թէ <<Սրբազան Քահանայապետի այցելութիւնը արտակարգ իրողութիւն մըն է եւ թէ խաղաղութեան եւ յոյսի շունչ կը ներշնջէ>>։ Սրբազան Քահանայապետը բարի եկած է մեր երկիրը - ըսած է Հարիրին - աւելցնելով որ <<այնտեղ ուր Քահանայապետը կը հասնի սիրոյ եւ խաղաղութեան պատգամ կը տանի>> այն նոյն պատգամը որուն վրայ հիմնուած է լիբանանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.