2012-09-02 12:34:44

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 2 սեպտեմբերի կէսօրին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը, Գասթել Կանտոլֆոյի Ամարանոցի պատշգամէն արտaսանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը հոն համախմբուած հարիւրաւոր իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումները մեկնաբանելով։
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր - ըսաւ Ան - Աստուծոյ Օրէնքը Անոր Խօսքն է որ մարդս կ՛առաջնորդէ իր կեանքի ուղեւորութեան ընթացքին։ Խօսքը մարդը կ'ազատէ անձնասիրութեան ստրկութենէն եւ զայն կը մղէ դէպի իսկական ազատութեան երկիր եւ դէպի կեանք։
Աստուծոյ օրէնքը ծանրութիւն մը չէ այլ Աստուածային պարգեւ մըն է. Անոր հօրէնական սիրոյ արտայայտութեան վկայութիւնն է, եւ ապացոյցը Անոր կամքին` մնալու իր ժողովուրդին մօտ, ըլլալու անոր դաշնեկից եւ անոր հետ միասին գրելու սիրոյ պատմութիւն մը։ Սակայն հարցը այն է - յարեց Սրբազան Քահանայապետը- որ երբ ժողովուրդը կը հասնի խոստացուած երկիր կը փորձէ իր ապահովութիւնը եւ իր ուրախութիւնը փնտռել այլուր` Աստուծոյ խօսքէն դուրս։ Զայն կը փնտռէ իշխանութեան մէջ, բարիքներու մէջ, ուրիշ չաստուածներու ներքեւ...։ Աստուծոյ օրէնքը կը ստանայ երկրորդական մակարդակի կարեւորութիւն եւ կրօնը կը կորսնցնէ իր իսկական իմաստը որ է <<ապրիլ Աստուած ունկնդրելով ու կատարելով Անոր կամքը>>։ Ասիկայ ծանր վտանք մըն է որեւէ կրօնի համար։ Ուստի Փարիսեցիներու ուղղած Յիսուսի խօսքը մեզի ալ խորհիլ տալու է <<Այս ժղովուրդը կը մեծարէ զիս շրթունքներով, բայց անոր սիրտը հեռացած է ինձմէ, ի զուր կը պաշտեն զիս եւ վարդպետութիւնը զոր կը սորվեցնեն, լոկ մարդկային պատուէրներ են։ Դուք մէկդի կը թողուք Աստուծոյ պատուիրանները եւ կը պահէք մարդկային աւանդութիւնը։>>
Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը որուն մեր աղօթքը կը բարձրացնենք օգնէ մեզի բաց սիրտով եւ անկեղծութեամբ ունկնդրելու Աստուծոյ Խօսքը որպէսզի Ան ամէն օր ուղղէ մեր միտքերը, մեր ընտրանքն ու մեր գործերը։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ հաւատացեալները եւ ֆրանսերէն լեզուով արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ բարի վերամուտ մաղթեց դպրոցականներուն ու յատուկէն ողջունեց խումբ մը ներկայ գտնուող լիբանանցի ուխտաւորներ անոնց ապահովցնելով իր աղօթքները եւ ուրախութիւն յայտնելով մօտ օրէն այցելելու <<գեղեցիկ երկիր>> Լիբանանը։
Սրբազան Հայրը ապա բոլորին ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.