2012-09-01 10:05:39

Հայր Անդրանիկ Ծ Վ Կռանեանին «Մորմոքիմ» Գիրքը։


Անոր մասին գրած է Շահանդուխտ...
՜՜Ընթերցանութեան Ճամբով. Հ. Անդրանիկ Ծ. Վ Կռանեանին «Խոկամ» Եւ «Մորմոքիմ» Գիրքերը՝՝

Համացանցի իշխանութիւնը հետզհետէ կը զարգանայ, բայց գրողին համար այդ նշանակութիւն չունի: Ընթերցողներու թիւը եթէ նուազած նկատուի, այդ ալ իմաստ մը չունի, որովհետեւ գիրք կարդացողները միշտ ալ փոքրամասնութիւն մը եղած են: Նոյնն է մամուլին հարցը. օրաթերթն ալ յաճախ մեծաթիւ ընթերցող չ՛ունենար, իսկ այս օրերուն մարդիկ խօսքը մէկ ըրած` կը բարբառին «Համացանցը կայ, մատդ կը կոխես կոճակին եւ կը կարդաս թե՛րթն ալ, գի՛րքն ալ»: Շնորհակալութիւն ամէնուն: Ուզեն` կարդան, ուզեն` չկարդան: Մամուլը կը դառնայ ու կը տպէ ստեղծագործուած երկերը: Եթէ գրողներ չըլլան, համացանցը ո՞ր մէկ աղբիւրին պիտի դիմէ նորութիւններ փոխանցելու: Անցնի՛նք:
Հայր Անդրանիկ Կռանեանի երկու գիրքերը մեր սեղանին վրայ են: «Խոկամ», (տպուած 2010-ին), «Մորմոքիմ» (2012): Առաջինը կը բովանդակէ մտածումներ, իմաստուն խօսքեր, իր կողմէ յղացուած մտորումներ, որոնք կ՛արթնցնեն մեր յիշողութիւնը, կը յուշեն մեզի մեր կատարած սխալ ենթադրութիւնները կամ կատարելիք բարի աշխատանքները:
Այս գիրքով մեր կարգին կը մտածենք եկեղեցական հեղինակին մասին, որ անդադար կը խոկայ կեանքի ելեւէջներուն, բարիին ու չարին ներգործութեան մեր կեանքին մէջ: Անդրադարձ մըն են իր խոկումները, մտածումները, հայրական արթնութեամբ իբրեւ խրատատու իր որդւոյն, ցոյց կու տայ ճամբայ մը, ուրկէ հարկ է քալել կեանքը բարւոք ապրելու համար:
«Մորմոքիմ» գիրքը, 141 փոքրածաւալ էջերով, ունի տարբեր իմացականութիւն եւ բովանդակութիւն: Թեման կրօնն է, հաւատքը, ստեղծագործութիւնը` աստուածաբանական սերտողութեամբ զարգացած: Ո՞վ է Աստուած, ինչպէ՞ս ստեղծուած է աշխարհը, պէ՞տք է հաւատալ սուրբգրային թելադրանքներուն, թէ՞ ոչ, քրիստոնէութիւնը փիլիսոփայութի՞ւն է արդեօք, թէ՞…
Հայր Անդրանիկ Կռանեան մտածումներով առաջնորդուող գրող է: Ունի գրական բեղուն գործունէութիւն, ստեղծագործական կեանք մը` իր հոգեւոր կոչումին առընթեր: Երկար տարիներէ ի վեր կը խմբագրէ հայ կաթողիկէ համայնքին պաշտօնաթերթ «Մասիս»-ը, որուն էջերուն կը ստորագրէ իր ստեղծագործական մտորումները, բարոյագիտական յօդուածները: Իր տեսակէտները եղած են միշտ ինքնուրոյն, գրական ոճը` նոյնպէս իւրայատուկ, որ կը վկայէ գրողին ներաշխարհին եւ մտորումներուն պատկերը:
Հայր Անդրանիկ կը խմբագրէ նաեւ Հայկազեան համալսարանի «Հայագիտական Տարեգիրք»-ը, ամենայն բծախնդրութեամբ եւ հայ գիրն ու գրականութիւնը, պատմագիտութիւնը եւ հաւատքի վերաբերեալ ուսումնասիրական երկեր վկայագրելով:
Հայր Անդրանիկ Կռանեանի զարգացուցած գրական սեռը գեղարուեստական գրականութիւն մը չէ, այլ իր խառնուածքը կը հակի դէպի փիլիսոփայութիւն` աստուածաբանական ու կրօնագիտական հարցերուն ինչն ու ինչուն սերտելով: Ան շատ հետաքրքրուած է հայոց հաւատքին ու դաւանանքին անցեալով ու ներկայով եւ իր գրականութեամբ հարցեր կը զարգացնէ իբրեւ ինքնուրոյն մտածողութիւն:
«Խոկամ» գիրքը առանձնայատուկ գրքոյկ մը` 108 էջերով: Կարելի է նկատել գրպանի գիրք մը, միշտ ընթերցելի, տող առ տող ըմբռնելի: Օգտաշատ եւ նոյն ատեն հաճելի ընթերցանութիւն մը, օգտակար` մեծին եւ փոքրին. գրած է Շահանդուխտ իր յօդուածին մէջ։
:








All the contents on this site are copyrighted ©.