2012-09-01 09:56:16

Գերապայծառ Մորերոտի Դասախօսութիւնը ''Համամիութենական Երկխօսութիւն Կաթողիկէներու ու Անկլիգաններու միջեւ'' Նիւթին Մասին


Շաբաթ մէկ սեպտեմբերին, ֆրիպուրկ թեմի առաջնորդ` գերապայծառ Մորերօտը, քահանայապետական ամարանոցին մէջ դասախօսութիւն մը կը կատարէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ներկայութեամբ, ունենալով որպէս նիւթ '' համամիութենական երկխօսութիւն կաթողիկէներու ու անկլիգաններու միջեւ''։ Յայտնենք որ գերապայծառ Մորերօտը մասնագէտ է համամիութեան ու միջկրօնական երկխօսութեան հարցերու։ ֆրիպուրկ թեմի առաջնորդի այս դասախօսութիւնը մաս կը կազմէ ''Ռացինկերի նախկին աշակերտներու'' տարեկան հանդիպումի յայտագիրին որ այս օրերուս (30 օգոստոս -3 սեպտեմբեր), ինչպէս ամէն տարի, հաւաքուած են Գասթելկանտոլֆոյի ամարանոցին մէջ։
2012-ի հանդիպումին նշանաբանն է ''լիւտերականներու ու անկլիգաններու հետ երկխօսութեան արդիւնքներն ու համամիութենական հարցերը''։ Սողն նիւթը ընտրուած է հիմնուելով կարդինալ Գասբերի հրապարակած հատորին վրայ` ''գաղել պտուղները։ Քրիստոնէական հաւատքի հիմեր համամիութենական երկխօսութեան մէջ''։
Վիեննայի առաջնորդ կարտինալ Շոնպորնի գնահատումով համամիութենական երկխօսութիւնը պէտք է կատարուի ճշմարտութեան ու սիրոյ մէջ։ Ան գոհունակութիւն յայտնած է ի տես այս տարուայ ''համամիութենական երկխօսութիւն'' նիւթի զուգադիպութեան Վատիկանեան Բ տիեզրական ժողովի 50-րդ տարեդարձին առթիւ։
Կարդինալը վերակոչած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ուսուցումը վերակարգումի մասին` վերակարգումը շարունակականութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.