2012-08-31 11:40:02

Սեպտեմբեր 1-ին Կը Վերսկսին Սուրբ Պետրոսի Յաջորդին Եպիսկոպոսներու Կանոնական Հնգամեայ Այցելութիւնները ։


Ամառնային դադարէն ետք սեպտեմբեր 1-ին սկիզբ կ՛առնեն եպիսկոպոսներու աւանդական հնմգամեայ կանոնական <<Ադ Լիմինա>> կոչուած այցելութիւնները սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Արդարեւ սեպտեմբեր 1-էն սկսեալ եւ մինչեւ սեպտեմբեր 17-ն Սրբազան Քահանայապետը Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցին մէջ պիտի ընդունի Գոլոմպիայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամ 40 եպիսկոպոսներ որոնք Հռոմ կը ժամանեն հնգամեայ կանոնական այցելութիւններու առթիւ։ Գոլոմպիայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի այցելութիւններուն կը յաջորդէ, 20 -29 սեպտեմբեր, ֆրանսայի եպիսկոպոսներու երեք խումբերու առաջին խումբի այցելութիւնը որ կ՛ընդգրկէ Րուէնի, Րէնի, Փուաթիէի, Թուրի եւ Պորտօյի Թեմերու առաջնորդները։

Յիշեցնենք որ Նորին Սրբութիւնը 14 -1 6 սեպտեմբեր առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնի լիբանան, արեւելքի եկեղեցիներուն յանձնելու` յետ սիւնհոդոսական առաքելական յորդորագիրը։ Մինչ 26 սեպտեմբերին Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցին մէջ ներկայ պիտի գտնուի իրեն ի պատիւ սարքուած եւ Պավարիայի Վուրչպուրկ Թեմի կողմէ նուիրուած համերգի մը։

Նշենք որ Քահանայապետական ամարանոցի մէջ կեցութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը այս տարի եւս հաճոյքով մասնակցեցաւ իրեն ի պատիւ սարքուած զանազան համերգներուն։ 11 յուլիսին իսրայելցի եւ արաբ երաժիշտներէ բաղկացած նուագախումբ մը Անոր ներակայացուցին Պէթհովէնի երկու Սինֆոնիներ։ 3 օգոստոսին Պավարիայէն ժամանած ժողովրդական գեղարուեստի խումբեր Սրբազան Հօր ներկայացուցին ժողովրդական զանազան պարեր եւ անցեալ 11 օգոստոսին Րաթիզպոնի գարիթասը Սրբազան Հօր նուիրեց համերգ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.