2012-08-31 12:13:03

Ռիոյի Փրկիչ Քրիստոսի Մէկ Կրկնօրինակը Փարիզի Մէջ Կը Ցուցադրուի Ի Պատրաստութիւն 2013-ի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան։


Անցեալ հոկտեմբերին Փրկիչ Քրիստոսի արձանը տօնախմբեց 80-րդ տարեդարձը, կրկնօրինակը, որ ունի 3,8 մեթր բարձրութիւն եւ 3 մեթր լայնք զետեղուած Փարիզի աթոռանիստ եկեղեցւոյ հրապարակը ի պատրաստութիւն 2013-ի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան, որուն մասնակցութեան կը սպասուին աւելի քան 2 միլիոն երիտասարդներ, որոնցմէ 1500-ը ֆրանսացի երիտասարդներ։ Նշենք որ
երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ մասնակցողներու արձանագրութիւններու պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ երեքշաբթի 28 օգոստոսին եւ մէկ օրուայ մէջ աւելի քան 4.500 անհատներ արձանագրուած են։
Յայտնենք նաեւ որ անցեալ ապրիլին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Ռիոյի Փրկիչ Քրիստոսի արձանի ցուցադրութիւնը։ Ան Փարիզէն յաջորդաբար պիտի ցուցադրուի Գանատայի Թորոնթօ քաղաք` Ճաբոնի Թոքիօ մայրաքաղաք եւ Մոզամբիկի Մաբութօյ անուան քաղաքին մէջ։ Ռիոյի Փրկիչ Քրիստոսի բազկատարած արձանը Ռիօ քաղաքի մեծագոյն խորհրդանիշն է, անիկա տեղափոխուելով կը դիմաւորէ զբօսաշրջիկները, ուխտաւորները, աշխարհի բոլոր մշակոյթներն ու բոլոր երկիրները եւ միաժամանակ ցոյց կու տայ որ Ռիօ քաղաքը բիոլորին բաց է ու հիւրընկալ, ըսաւ հայր Ռասբօ` տնօրէնը Ռիոյի սրբավայրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.