2012-08-31 12:33:13

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Միացած՝ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Ուղղուած Կոչին:


Միջին Արեւելքի «Ահաբեկուած քրիստոնեաներուն» կոչ ուղղուած է որպէսզի անոնք մնան Սուրիոյ մէջ: Նման յորդորով հանդէս եկած է Ասորական եկեղեցւոյ Դամասկոսի պատրիարքարանը: Պատրիարքարանէն նշած են, որ լարուածութիւնը կը մեծնայ, Լիբանան Հռոմի Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետի յառաջիկայ այցին ընդառաջ:

Կոչի մէջ կը նշուի նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ արդարութեան կարելի է հասնիլ միայն հակամարտող կողմերու միջեւ իմաստաւորուած երկխօսութեան միջոցով: Կոչին իրենց աջակցութիւնը յայտնած են նաեւ Թուրքիոյ Հայ Առաքելական եւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցիները:
Թուրքիոյ Հայերու Առաջնորդ` Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի տեղապահ, Արքեպիսկոպոս Արամ Աթեշեան ընդգծած է ՝՝Քրիստոնեաներու Միջին Արեւելք մնալու կարեւորութիւնը՝՝:

Յոյն Ուղղափառ եկեղեցին նոյն առիթով յիշեցուացծ է որ, ի վերջոյ, «պէտք չէ մոռանալ, որ Միջին Արեւելքը այն վայրն է, ուր ծնունդ է առած է քրիստոնէութիւնը: Ուստի` տարածաշրջանը մեծ հոգեւոր կարեւորութիւն ունի:








All the contents on this site are copyrighted ©.