2012-08-31 17:41:48

Ոչ Եւս Է Կարտինալ Գարլօ Մարիա Մարթինին:
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հեռագիրը։


Ի լուր Կարդինալ Մարթինիի մահուան որ պատահեցաւ ուրբաթ 30 օգոստոս 2012-ի յետ միջօրէի ժամը 15.45ին Յիսուսեան միաբանութեան Կալլարադէի տան մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական նամակ մը յղած է Միլանյի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Անճէլօ Սքոլային որուն մէջ կը յայտնէ իր ցաւը յիշելով այս <<սիրելի եղբայրը որ վեհանձնութեամբ ծարայեց աւետարանին եւ եկեղեցւոյ։
Երախտագիտութեամբ կը յիշեմ - կը գրէ Քահանայապետը - անոր առաքելական գործունէութիւնը որպէս Սուրբ Իգնատիոսի կրօնաւոր զաւակ եւ եռանդուն հոգեւորական, փորձառու դաստիարակ, հեղինակաւոր աստուածաբան եւ գնահատուած րէկտոր Գրիգորեան համալսարանի եւ Աստուածաշունչի Քահանայապետական հաստատութեան ու ապա որպէս իմաստուն եւ ժրաջան հովիւ Ամպրոզիան այս թեմին։
Ջերմեռանդ աղօթքներ կը բարձրացնեմ Տիրոջ որպէսզի, Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ, վերին երուսաղէմի մէջ ընդունի այս իր հաւատարիմ ծարան ու հովիւը ու միաժամանակ կը ջամբեմ իմ առաքելական օրհնութիւնս բոլոր անոնց որ սուգի մէջ են եւ կ՛ողբան անոր մահը։


Միլանոյի Վաստակաւոր Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Գարլօ Մարիա Մարթինիի Հակիրճ Կենսագրականը։
Ողբացեալ Կարտինալը Միլանոյի առաջնորդ եղած է 1979-էն մինչեւ 2002ը։
Յիսուսեան միաբան Կարդինալ Մարթինին ծնած էր Թորինօ` 15 փետրուար 1927-ին։
17 տարեկանին անդամակցած էր Յիսուսեան միաբանութեան եւ 1952-ի յուլիս 13-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած։
Հմուտ աստուածաբան եւ Աստուածաշունչի մասնագէտ 1978-ին երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. Քահանայապետը զինք կը նշանակէ Հռոմի՝ Գրիգորեան Համալսարանի Փոխ Րէկտոր ։1979-ին երջանկայիշատակ ՅՊԲ անոր կը յանձնէ Միլանոյի Արքեպիսկոպոսւթեան առաջնորդութիւնը, զոր կը կատարէ 22 տարիներ ամբողջ։1983-ի փետրուարին կը ստանայ ծիրանաւորի աստիճանը։
11 յուլիս 2002-ին, 75 տարեկանին, Մարթինի կարտինալը իր հրաժարականը կը ներկայացնէ, եւ Միլանոյի թեմի առաջնորդութեան անոր կը յաջորդէ Կարդինալ Տիոնիճճի Թեթթամանցին։ Կարդինալ Մարթինին կը փոխադրուի Երուսաղէմ ու կը շարունակէ Աստուծաշունչի իր ուսումնասիրութիւնները մինչեւ 2007 թուականը։2008-ին առողջական պատճառներու համար կը վերադառնայ Միլանօ ուր` Յիսուսեան միաբանութեան տան մէջ, ուրբաթ 30 օգոստոսի յետ միջօրէին՝ (ժամը 15:45-ին) իր մահկանացուն կը կնքէ 85 տարեկանին։
Ողբացեալ կարտինալին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի օրը, ( 3 սեպտեմբերին) յետ միջօրէի ժամը 16:00-ին Միլանոյի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
Կարդինալ Մարթինիի մահով կարդինալական դասի թիւը կը վերածուի 206-ի: Անոնցմէ 118-ն քահանայապետ ընտրելու իրաւունքն ունին, մինչ 88--ն ոչ ընտրող կարդինալներ են։
Ռատիովատիկանի Տնօրէնը՝ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին կարդինալ Մարթինիի նուիրած իր խմաբգրականին մէջ, զայն որպէս ՜՜Քաջ Աւետարանիչ՝՝ ներկայացուց ։








All the contents on this site are copyrighted ©.