2012-08-31 11:50:17

Միլանոյի Երբեմնի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Գարլօ Մարիա Մարթինին Առողջական Ծանր Վիճակի Մէջ։


Միլանոյի արքեպիսկոպոս Կարտինալ Անճէլօ Սքոլան հրաւէր ուղղած է հաւատացեալներուն աղօթելու Միլանոյի երբեմնի արքեպիսկոպոս Կարտինալ Գարլօ Մարիա Մարթինիի համար որուն առողջական վիճակը վատդարացած է այս վերջին օրերուս։
Կարինալ Մարթինին ծնած է Թորինօ` 15 փետրուար 1927-ին։ 17 տարեկանին Կ՛անդամակցի Յիսուսեան միաբանութեան եւ 1952-ի յուլիս 13-ին քահանայական ձեռնադրութիւնը կը ստանայ ։
Հմուտ Աստուածաբան եւ Աստուածաշունչի մասնագէտ 1978-ին Պօղոս Զ Սրբազան Քահանայապետը զինք կը նշանակէ Գրիգորեան Համալսարանի Փոխ Րէկտոր։1979 երջանկայիշատակ ՅՊԲ զինք Միլանոյի Արքեպիսկոպոս կը նշանակէ եւ 1983-ի փետրուարին անոր կը շնորհէ կարտինալական աստիճանը։

11 յուլիս 2002-ին, 75 տարեկանին, կարտինալ Մարթինին իր հրաժարականը կը ներկայացնէ Միլանոյի թեմի առաջնորդութենէն ու անոր յաջորդ կ՜ընտրուի Կարտինալ Տիոնիճի Թեթթամացցին մինչ Կարտինալ Մարթինին կը փոխադրուի Երուսաղէմ շարունակելու համար Աստուծաշունչի իր ուսումնասիրութիւնները։ Հոն կը մնայ մինչեւ 2007 էուական եւ 2008-ին առողջական պատճառներու համար կը վերադառնայ Միլանօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.