2012-08-31 12:24:53

Միթթ Ռոմնի ու Իր Փոխ-Նախագահ Փոլ Ռայընըրի Միջամտութիւնը Հանրապետական Կուսակցութեան Համագումարին ։


Թամբա քաղաքի մէջ կայացած Հանրապետականներու Համագումարին ունեցած իր ելոյթին Միթթ Ռոմնի ըսաւ որ ՝՝ամերիկացիներու համար պիտի ապահովէ 12 միլիոն գործատեղի՝՝։
Բայց Համագումարի օրակարգին ամենակարեւոր բանախօսը հանդիսացաւ փոխ-նախագահի թեկնածու Փօլ Ռայընըր , որ ինչպէս կ՛ակնկալուէր՝ կրցաւ խանդավառել կուսակցութեան ծայրայեղ պահպանողականները, սակայն ելոյթին ընթացքին մասնակի ճշմարտութիւններու մասին ալ խօսեցաւ ՝ յուսալով քուէներ շահիլ ու վարկաբեկել նախագահ Պարաք Օպաման:
Օրինակի համար, ան պնդեց, թէ նախագահ Օպամայի առաջադրած ծրագիրը ծանր հարուած մը պիտի հասցնէ առողջապահական «Մետիքեր» ծրագիրին, հակառակ այն իրողութեան, որ ծրագիրի պատասխանատուներուն կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած էր, թէ Օպամայի ծրագիրը «զգալիօրէն պիտի բարելաւէ» «Մետիքեր»ը: Ռայըն, որ Ներկայացուցիչներու Տան ներկայացուցած իր ամավարկին մէջ առաջարկած է «Մետիքեր»ը 10 տարիէն ամբողջութեամբ փոխել եւ աւելի մեծ կրճատումներ կատարել, անցեալին համաձայն գտնուած է Օպամայի առաջադրած խնայողական քայլերուն:
Ռայըն նաեւ քննադատած է Օպաման՝ պնդելով, թէ ան պետական ամավարկին բացը նուազեցնելու նպատակով կազմուած երկկուսակցական յանձնախումբին առաջարկները անտեսած է, «մոռնալով» այն իրողութիւնը, որ ինք՝ Ռայըն, մէկն էր այն քոնկրեսականներէն, որոնք յանձնախումբի վերջնական առաջարկներուն դէմ քուէարկած էին:
Ռայըն նաեւ յայտարարեց, թէ իր ծննդավայր Ճէյնզվիլի (Ուիսքանսըն) մէջ «Ճի.Էմ.» ընկերութեան գործատեղին գոցուած է, հակառակ նախագահական թեկնածու Օպամայի այն խոստումին, թէ անիկա բաց պիտի մնայ 100 տարի եւս. Ռայըն անտեսած է սակայ այն իրողութիւնը, որ գործարանը փակուած էր այն միջոցին, երբ Օպամա տակաւին նախագահութիւնը չէր ստանձնած: Նախագահութիւնը ստանձնելէ ետք, Օպամայի քայլերուն շնորհիւ կարելի եղած էր պետական միջամտութեամբ սնանկութենէ փրկուած «Ճի.Էմ.»ն ու ինքնաշարժ արտադրող ամերիկեան այլ հսկայ ընկերութիւններու վիճակը զգալիօրէն բարելաւել, մինչ հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Միթթ Ռոմնի պահանջած էր, որ կառավարութիւնը չմիջամտէ ու ձգէ, որ ընկերութիւնները սնանկանան:
Հուսկ Ռայըն խստօրէն քննադատեց նաեւ տնտեսութեան զարկ տալու նպատակով Օպամայի իշխանութեան առաջին օրերուն վաւերացուած մօտաւորապէս 800 միլիառ տոլարի ծրագիրրը, հակառակ այն իրողութեան, որ իբրեւ քոնկրեսական, ան քանի մը առիթներով օգտուած է այդ ծրագիրէն եւ դաշնակցային իշխանութեանց դիմած է, իր նահանգին նպաստներ ապահովելու համար
ԱՄՆ-ու նախագահահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2012-ի Նոյեմբեր 6-ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.