2012-08-31 11:45:16

Զմմառու Վանքին Մէջ, Միամսեայ Հայագիտական Դասընթացքներու Հանդիսաւոր Փակումը ։


Զմմառու՝ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան եւ Ս. Միքայէլ զոյգ ընծայարաններու ժառանգաւորները, իրենց միամսեայ հայագիտական դասընթացքները աւարտելով՝ հանդէս մը կազմակերպեցին ՜՜յատուկ՝՝ կղերական դասին համար: Հանդէսը նուիրուած էր Կոմիտաս Վարդապետին: Ներկայ էին Զմմառու մեծաւորը՝, վարչական ու վանաբնակ վարդապետները, Պէյրութէն ժամանած Արհի. Յովհաննէս եպ. Թէյրուզեանը, ինչպէս նաեւ ժողովրդապետ եւ փոխ ժողովրդապետ հայրերը: Ներկայ էին դարձեալ հայեցի դաստիարակութեան ուսուցիչ՝ Պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեանը եւ ուսուցչուհի՝ Տիկ. Թամար Եալմանեանը:
Օրուան բեմավարը եղբ. Էմմանուէլ Սատօ հրաւիրեց եղբ. Գրիգոր Պոյաճեանը բացման խօսքը կատարելու, որուն յաջորդեց եղբ. Ղազար Պետրոսեանի ելոյթը. ան երգեց Կոմիտաս Վարդապետին Քելէ Քելէն:
Այս առթիւ ցուցադրուեցաւ Կոմիտաս վարդապետին կեանքն ու գործերը պարունակող տեսաերիզ մը, պատրաստուած՝ ընծայարանի երեք ժառանգաւորներու կողմէ, եղբ. Տիգրան Փիլիպոսեան, եղբ. Կարօ Գլընճեան եւ եղբ. Գէորգ Ներսէսեան: Ապա, եղբ. Արամ Սատօ նուագեց դաշնամուրի վրայ կաքաւի երգը:
Օրուան բանախօսը՝ եղբ. Ղազար Պետրոսեան, իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Կոմիտաս Վարդապետի յատկութիւններուն, եւ իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով թէ այսօրուայ ժառանգաւորները պարտին հետեւիլ անոր նմաններուն, ըլլալ տիպար եւ օրինակելի կղերականներ, զօրացնել հոգեւոր կեանքն ու մշակոյթային ու ազգային կեանքը:
Գեղարուեստական յայտագրին նաեւ եղբ. Պարգեւ Փաշայեան մեներգեց Կոմիտասի ՜՜Ուրախ լերը՝՝:
Հանդէսի աւարտին, խօսք առաւ ընծայարանի տեսուչը՝ գերապատիւ Հ. Բարսեղ Վրդ. Պաղտասարեան, որ շեշտեց հայերէն լեզուի կարեւորութեան մասին, ու եզրափակեց իր խօսքը ըսելով թէ՝ այս յատուկ դասընթացքը համախմբեց Զմմառու Հալէպի եւ Հռոմի ժառանգաւորները, որպէսզի անոնք միասնաբար ապրին, միասնաբար աղօթեն ու սորվին: Այսպէս, անոնք կը պատրաստուին միասնաբար գործելու ապագայի իրենց առաքելական կեանքին ընթացքին: Ուստի, ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր դաստիարակներուն, ըլլան անոնք կղերական կամ աշխարհական, որոնք օգտակար դարձան այս միասմսեայ ծրագրին յաջողութեան: Շնորհակալութիւն յայտնեց հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեանին, որ ՜՜ծիսագիտական յատուկ դասընթացքով՝՝ մը ճոխացուց ժառանգաւորներուն գիտելիքները, հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանին, որ ՜՜թղթակցութեան մասին չորս դասախօսութիւններով՝ սորվեցուց անոնց ճշգրիտ եւ առարկայօրէն լուրեր փոխանցելու գիտական միջոցները՝՝, Պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեանին ու Տիկ. Թամար Եալմանեանին, որոնք ՜՜արդի ձեւերով զարգացուցին ու բարելաւեցին ժառանգաւորներուն հայերէն լեզուն՝՝:
Իր խօսքին աւարտին, ան հրաւիրեց վանքի մեծաւոր՝ Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանը, որ իր սրտի խօսքը փոխանցէ ներկաներուն:
Գերապայծառը, յատուկէն շեշտեց մշակոյթային կեանքին կարեւորութիւնը:
Ան շեշտակի անդրադարձաւ ընծայարանի եւ ժառանգաւորներուն ներկայութեան կարեւորութեան մասին վանքէն ներս: Ան քաջալերեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայարանի տեսչութեան այս գեղեցիկ կազմակերպութեան համար:
Մեծաւոր Հօր խօսքէն ետք, ժառանգաւորները երեք ձայնով երգեցին Կոմիտասի «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ» շարականը: Ի վերջոյ, Արհիապատիւ Տէր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան պահպանիչով փակեց օրուան հանդիսութիւնը:
Զմմառու Տիրամօր բարեխօսութեամբ ու Երանելի Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի հսկողութեան տակ, Զմմառու Ընծայարանը պիտի շարունակէ դաստիարակել ու պատրաստել ապագայի հայ կաթողիկէ համայնքի առաքեալները, որպէս մշակներ Աստուծոյ այգիին, ծառայելու Հայ ազգին ու Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Խորանին:







All the contents on this site are copyrighted ©.