30 օգոստոսէն 1 սեպտեմբեր գերմանիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ <<Րէնովապիս>>ի գերմանական կաթողիկէ
բարեսիրական հաստատութեան 16րդ միջազգային վեհաժողովը որ ունի որպէս բնաբան << Հաւատքը
վերագտնել այսօր. Եւրոպայի վերավետարանացումի նոր ուղիներ>>։ Վեհաժողովի բացումը կը կատարէ
<<Րէնովապիս>> հաստատութեան տնօրէն` Յիսուսեան միաբանութեան անդամ հայր Սթէֆան Տարդման։
Իսկ
վաղը 31 օգոստոսին Հունգարիոյ Պուտաբեշտ քաղաքի մէջ սկիզբ կ՛առնէ <<Ճէնֆեսդ>> ֆոգոլարիներու
շարժումի երիտասարդական տօնակատարութեան 10րդ հանգրուանը որուն կը մասնակցին աշխարհի
զանազան վայրերէն ժամանած հազարաւոր երիտասարդներ։ Տօնակատարութիւնները պիտի տեւէն մինչեւ
2 սեպտեմբեր։