2012-08-30 10:56:12

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Նախկին Աշակերտներու Ուսումնաժողովը Քահանայապետական Ամարանոցին Մէջ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի աւանդական ուսումնաժողովը իր նախկին աշակերտներուն հետ տեղի կ'ունենայ քահանայապետական ամարանոցին մէջ 31 օգոստոսէն - 3 սեպտեմբեր։
Այս տարուայ հանդիպումին նիւթն է. ''համամիութենական հարցեր ու արդիւնքներ լիւտերանական ու անկլիգան եկեղեցիներու հետ''։ Ուսումնաժողովի այս նիւթը ներշնչուած է եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի երբեմնի նախագահ` կարտինալ Գասբերի վերջերս հրապարակած հատորէն` ''Քաղել պտուղները։ Քրիստոնէական հաւատքի հիմերը համամիութենական երկխօսութեան մէջ''։ Յայտնենք որ վերոյիշեալ ուսումնաժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը կարտինալ Գիւրտ Գոխ`։ Ուսումնաժողովը դռնփակ կը կատարուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.