2012-08-30 12:58:31

ՀՕՄ-ը 100 Հազար Ամերիկեան Տոլար Կը Յատկացնէ «Սուրիահայ Վարժարաններու Օժանդակութեան Ֆոնտ»-ին.


Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարեց, որ միութեան համահայկական կառոյցին եւ բոլոր միաւորներուն ներդրումով, 100 հազար ամերիկեան տոլար գոյացուցած է «Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»-ին համար: Յառաջիկայ օրերուն գումարի առաջին բաժինը պիտի փոխանցուի Սուրիահայ օգնութեան խաչին եւ ամբողջանայ աւելի ուշ:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեան յայտնեց հետեւեալը . «ՀՕՄ-ը առաջին կազմակերպութիւնը եղաւ, որ սուրիահայութեան օժանդակութեան համահայկական նախաձեռնութեան դիմեց` հիմնելով «Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»-ը. օրին յայտարարեցինք, որ գումարը պիտի յատկացուի աշակերտներու կրթաթոշակներուն: Հակառակ համաշխարհային տնտեսական տագնապին եւ տարբեր երկիրներու դիմագրաւած ծանր խնդիրներուն, հպարտ ենք, որ մեր ընկերուհիները ճիգ թափեցին եւ այս նպատակին համար պատկառելի գումար մը մէջտեղ բերին: Այս առիթով ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ միութեան անդամներուն, պատասխանատու մարմիններուն եւ բոլոր ազգայիններուն, որոնք ընդառաջեցին ՀՕՄ-ի կոչին եւ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս հանգանակութեան»:
ՀՕՄ-ի համահայկական ընտանիքի ճիգերով գոյացած այս յատկացման տնօրինումը պիտի կատարէ Սուրիահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը` ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հետ համախորհուրդ, գործակցելով հայ առաքելական, կաթողիկէ ու աւետարանական յարանուանութիւններուն հետ:
«Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»-ի նախաձեռնութեամբ ՀՕՄ-ը միաժամանակ երկու նպատակ կը հետապնդէ. թէ՛ ծնողներու նիւթական բեռը կը թեթեւցնէ` անոնց ուսերէն պատասխանատուութիւն մը վերցնելով, թէ՛ կը սատարէ հայեցի կրթութեան օճախներու պահպանումին, որոնք առանց անհրաժեշտ նիւթական միջոցներուն դժուար թէ իրենց կանոնաւոր գործունէութիւնը շարունակեն», բացատրեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Նայիրի Շահինեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.