2012-08-30 11:10:42

Լեհաստանի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հաշտութեան Կոչը Ռուսիոյ Հետ։


Լեհաստանի եպիսկոպոսները, անցեալ 25 օգոստոսին, Չեսդոխուայի մարեմեան սրբավայրին մէջ իրենց գումարած ժողովին ընթացքին, խնդրած են որ, յառաջիկայ կիրակի 9 սեպտեմբերին, կաթողիկէ բոլոր ժողովրդապետութիւններու մէջ կարդացուի Ռուսիոյ եւ Լեհաստանի եկեղեցիներէն շարադրուած ու ստորագրուած հաշտութեան միացեալ պատգամը ։
Պատգամը լոյս տեսած է Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Կիւրեղ Ա-ի Լեհաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան առթիւ։
Միացեալ պատգամը կը հրաւիրէ Ռուս եւ Լեհ ժողովուրդները հաշտութեան ու երկխօսութեան։ Երկու եկեղեցիները յոյս ունին որ պատգամը սատարէ դարմանելու անցեալի վէրքերը, յաղթահարելու նախապաշարումներն ու անհասկացողութիւնները ու աշխատելու հաշտութեան ամրապնդումին։
Երկու եկեղեցիները պատգամին մէջ կ`ընդունին որ իրենց անցեալի բաժանումները հակառակ են Քրիստոսի կամքին, արդիւնքն են մարդկային տկարութիւններու ու քաղաքական ճնշումներու։ Երկու եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը հաւատացեալներէն կը խնդրեն զղջալ ու ներում խնդրել Ամենաբարի Աստուծմէ ու աշխատին փոխադարձ հաշտութեան համար։
Միացեալ պատգամին աւարտին կը կարդանք. ''Ամէն լեհ, պէտք է ռուսը նկատէ որպէս բարեկամ ու եղբայր, նոյնպէս ամէն ռուս լեհին մէջ տեսնելու է իր բարեկամն ու եղբայր։ Յայտնենք որ միջազգային դէտերը նկատած են որ երկու եկեղեցիներու հաշտութեան այս կոչը դրականօրէն ընկալուած է Լեհաստանի մէջ ու բազմաթիւ օրաթերթեր, ըլլան անոնք եկեղեցական թէ քաղաքական, ամբողջութեամբ արտատպած են միացեալ պատգամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.