2012-08-30 13:01:58

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին 60 Միլիոն Էուրօ Պիտի Տրամադրէ։


Եւրոմիութիւնը Հայաստանին 60 միլիոն եւրօ պիտի տրամադրէ, երկրի մէջ դատա-իրաւական բարեփոխումներու, տնտեսական համագործակցութեան եւ ԵՄ-ի ու Հայաստանի միջեւ համաձայնագրերու համար, կը տեղեկացնէ «ազատութիւն» ռատիոկայանը: Նոր աջակցութիւնը կը ներառէ ազգային կարեւոր հաստատութիւններու համար վերապատրաստման հնարաւորութիւններ, փորձագիտական խորհուրդներ, իրաւաբաններու, դատաւորներու եւ դատախազներու դպրոցներու հիմնում, ինչ որ իր վերջնական արդիւնքով պէտք է ստեղծէ անկախ, թափանցիկ արդարադատութիւն, որ պէտք է ծառայէ հայ ժողովուրդին:
Հարաւային Կովկասէն Արեւելեան գործընկերութեան մէկ այլ երկրի` Վրաստանին նոյնպէս Եւրամիութիւնը 60 միլիոն Էուրօ կը տրամադրէ, որ պիտի ուղղուի գիւղատնտեսութեան արդիականացման ու սնունդի անվտանգութեան: Իսկ Ատրպէյճանը Եւրոմիութենէն աւելի քիչ ֆինանսական աջակցութիւն կը ստանայ` միայն 19.5 միլիոն Էուրօ, որ կ'ուղղուի արդարադատութեան եւ արտագաղթի ոլորտներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.