2012-08-30 12:55:40

Արհիապատիւ Պետրոս Արք. Միրիաթեան Հայ Լրագրողներուն Ըսած Է.


՜՜Մենք չենք կրնար կողմ ըլլալ, չենք կրնար զինուիլ , ոչ ալ զէնքով պաշտպանուիլ՝՝։
Սուրիա - Բերիոյ թեմի կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեան Հայրենի հեռատեսիլի լրագրողներուն հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յատկապէս ըսաւ. ՜՜Մենք ուրիշ ելք չունինք. չենք կրնար կողմ ըլլալ, չենք կրնար զինուիլ , ոչ ալ զէնքով պաշտպանուիլ։
Գերապայծառը նաեւ անդրադարձաւ Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքին որ շատ հին համայնք է, արմատները խոր են, ու մեծ մասը հաստատուած է Մեծ եղեռնէն առաջ. նշեց նաեւ բարի յարաբերութիւնները քոյր եկեղեցիներու հետ ըլլայ առաքելական թէ Աւետարանական, ու բոլոր մշակութային կազմակերպութիւններուն հետ, և որպէս հայութիւն՝ ըսաւ ան ՜՜մենք կը վկայենք մեր միասնականութիւնը՝՝։ Հայերը տեղւոյն իշխանութիւններուն ու այլ կրօնի քաղաքացիներու հետ յարգալիր ու բարի յարաբերութիւն ունին։
Արհիապատիւ առաջնորդը ըսաւ նաեւ որ՝ Հալէպի ժողովուրդը ենթարկուեցաւ զանազան փորձանքներու եւ դժուարութիւններու եւ յաղթահարեց զանոնք, իսկ այս վերջին օրերուն պատահածը ոչինչ է այդ օրերու երեւոյթներուն համեմատ. մանաւանդ որ՝ այս տագնապի օրերուն հայ համայնքը չկղզիացաւ և կապի մէջ է քրիստոնեայ բոլոր համայնքներուն և եկեղեցիներուն հետ, նաեւ մենք բացուեցանք իսլամ համայնքներուն և փոքրամասնութիւններուն։ Նամանաւանդ՝ հայերը եւ այլ քրիստոնեայ քաղաքացիներ իսլամ գաղթականներու օգնութիուն ցոյց կու տան ( աւելցնելով թէ) Հայերս թէ այս իշխանութեան ընթացքին, եւ թէ անկէ առաջ ունեցանք մեր իրաւունքները, երեսփոխանները, եկեղեցիները, դպրոցները, ակումբները, թերթերը, ու մեզի իրաւասութիւն տրուած էր հայերէն խօսելու, ու հայ մշակույթը պահելու։ Ասոր համար մենք միշտ եղած ենք ու պիտի ըլլանք իշխանութեան հետ, պահանջելով որ ժողովուրդին վիճակը վերաբարեփոխուի ու յարգուին մարդկային իրաւունքները։ Մենք չենք կրնար զէնքով պայքարիլ, այլ պարզապէս խօսքով ու բարի տրամադրութեամբ կրնանք պահանջել մեր իրաւունքները. այն է՝ հաւասարութիւն եւ ազատութիւն։
Գալով արտագաղթին՝ մենք (ըսաւ գերապայծառը) հակառակ ենք անոր, եւ գաղթողներուն մէջ, հայերուն թիւը քիչ է ... մենք լաւատես ենք եւ աղօթող...
Իսկ Հայաստանի իշխանութիւններէն եւ հաստատութիւններէն սպասուած օժանդակութեանց մասին հարցումին՝ գերապայծառ Միրիաթեան ըսաւ ՜՜Առայժմ մեր ժողովուրդը չհասաւ այդ վիճակին, որ օգնութեան դիմէ։ Այսօր Հայաստանը հրաւիրեց 12-16 տարեկան աղքատ փոքրիկներ և անոնց օդանաւի տոմսը ապահովեց, ծախսերը, կեցութիւնը։ Բայց տակաւին չէ սկսած այնպիսի լարուածային վիճակ մը, որ մեր աղքատ ընտանիքները՝ բոպիկ, առանց կերակուրի, առանց տունի մէջտեղ մնան և օգնութեան պէտք ունենան անմիջական, որ Հայաստանը իր սահմանները բանայ իրենց առջև։ Տակաւին մենք չտեսանք այդ օրերը և յուսանք չտեսնել, և տագնապը լուծուի այս ամիսներուն ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.