2012-08-29 12:16:17

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 29 օգոստոս 2012, Գասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի բազմահազար ուխտաւորներուն։
Սրբազան Քահանայապետը շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնները խօսքը կեդրոնացուց Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի նահատակոււթեան վրայ, որուն տօնը կը յիշատակէ այսօր լատին եկեղեցին ։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
այսօր եկեղեցին կը ոգեկոչէ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի նահատակութիւնը։ Տօն մը՝ որ մեզի փոխանցուած է Դ. դարէն ի վեր- յարեց Նորին Սրբութիւնը - մատնանշելով Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի մասին աւետարանի մէջ գտնուող հատուածներուն, որոնք կ՛անդրադառնան անոր առաքելական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ՝ արեան գնով անոր նահատակութեան։
Աստուծոյ հանդէպ Յովհաննէսի հաւատարմութիւնը, կը բխի աղօթքէն ու Աստուծոյ հետ անոր ունեցած յարաբերութենէն -ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Յովհաննէս՝ Աստուածային պարգեւ մըն է իր ծնողաց՝ Զաքարիայի եւ Եղիսաբէթին համար։ Կարապետի ամբողջ գոյութիւնը սնուցուած է Աստուծոյ հետ յարաբերութեամբ, մանաւանդ անապատին մէջ անցուցած փորձութիւններու ընթացքին, ուր կը հասկնայ թէ միակ հայեցակէտը Աստուած է։
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, աւելցուց Նորին Սրբութիւնը, Սուրբ Յովհաննէս Կարպետի նահատակութիւնը, կը յիշեցնէ մեզի՝ այսօրուայ քրիստոնեաներուս, թէ Յիսուսի սէրը, անոր Աւետիսը ու Ճշմարտութիւնը չենք կրնար փոխզիջումի առարկայ դարձնել։
Քրիստոնեայ կենցաղը կը պահանջէ առօրեայ հաւատարմութիւնը հանդէպ աւետարանին, այսինքն քաջութիւնը թոյլատրելու որ Քրիստոս աճի մեր մէջ եւ Ինք ըլլայ առաջնորդը մեր մտածողութեան եւ մեր գործերուն։
Ասիկա կարելի կ՝ըլլայ, եթէ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը հիմնուած է ամուր հիմերու վրայ ։
Աղօթքը ժամանց մը չէ ոչ ալ ժամանակի կորուստ այսինքն՝ օրուան գործի ժամանակէն գողնալ չէ, այլ՝ ընդհակառակը << ապրելով յարատեւ աղօթքի հաւատարիմ եւ յուսալի կեանք մը, Աստուած ինք մեզի պիտի պարգեւէ կարողութիւնը եւ ուժը, ուրախ եւ խաղաղ կեանք մը ապրելու եւ դժուարութիւնները յաղթահարելու ու անոր մասին քաջութեամբ վկայելու։
Թող Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը բարեխօսէ մեզի համար, որպէսզի Աստուած դնենք մեր կեանքին մէջ առաջին կարգին վրայ։
Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները, յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով՝ երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։ Թող Յովհաննէս Մկրտիչի հաւատքի արմատականութիւնը (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը) օրինակ ըլլայ հաւատացեալի ձեր կեանքին։
Սիրելի երիտասարդներ Քրիստոսի եւ եկեղեցւոյ ձեր պատկանելիութիւնը բացայատօրէն արտայայտեցէք։ Սիրելի հիւանդներ՝ աղօթքէն ուժ ու սփոփանք առէք ամոքելու ձեր ցաւերը եւ դուք՝ սիրեցեալ նորապսակեալներ ընտրեցէք մեր Տէրը Յիսուսը որպէս ձեր ընտանեկան կեանքի կեդրոն։








All the contents on this site are copyrighted ©.