Կին Մը Եւ Ղպտի Մը՝ Եգիպտոսի Նախագահի Օգնական Նշանակուած։
Եգիպտոսի Մահմէտական նախագահը Մուհամմատ Մուրսի նշանակած է կին մը՝ Պաքինամ Շարքաուի-ն,
նախագահի քաղաքական հարցերու օգնական, իսկ ղպտի մը՝ Սամիր Մըրքոսը, ժողովրդավարացման
հարցերու օգնական: Ապա Իսամ Հատտատն նշանակուած է նախագահի արտաքին եւ միջազգային
համագործակցութեան հարցերու օգնական, եւ Իմատ Ապտըլղաֆուր Ապտըլղանի՝ հասարակութեան
հետ կապերու օգնական: Ան կազմած է նաեւ 17 հոգինոց խորհրդատուական յանձնախումբ մը, որուն
մաս կը կազմեն Իսլամ եղբայրներու բանբեր Իսամ Արիան եւ քաղաքական այլ ուժերու ներկայացուցիչներ: