2012-08-29 12:48:45

Դամասկոսի Մէջ Երեք Հայ Տղամարդեր Սպաննուած ։ ՀԱԼԷՊ-ի Հայաշատ Թաղամասերու Իրավիճակը։


Դամասկոսի Ճոպար թաղամասի մէջ անյայտ պայմաններով Օգոստոս 28-ին սպաննուած են երեք հայեր: Այս մասին կը յայտնէ «Արմենփրես»ը` յղում կատարելով Դամասկոսի Հայոց Առաջնորդարանին: Առաջնորդարանէն յայտնած են, որ սպաննուած են 49-ամեայ Պետրոս, 46-ամեայ Գէորգ եւ 22-ամեայ Լեւոն Մաթոսեանները:
«Արմենփրես»ը նաեւ կը յայտնէ, որ ընդդիմադիրներու եւ կառավարական զօրքերու միջեւ Սուրիոյ մէջ սկսած բախումներու հետեւանքով զոհուած են տասնեակէ մը աւելի հայեր։
Նշենք, որ առ այսօր Սուրիոյ բախումներուն հետեւանքով զուհուած հայերէն երեքը` սուրիական բանակի զինծառայողներ էին: Մեծ թուով սուրիացիներ կը լքեն երկիրը եւ կը յայտնուին այլ երկիրներու մէջ փախստականի կարգավիճակով:
Միւս կողմէ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Երկիր Մետիա»-ի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնած, որ Հալէպի մէջ բախումները, մասնաւորաբար ամբողջովին հայաբնակ Նոր Գիւղի եւ Մայսալունի շրջանի հայկական Սուլէյմանիէ թաղամասերուն մէջ տակաւին կը շարունակուին:
Անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին կարգ մը հայկական կառոյցներ ու գործատեղիներ ունեցող հայաշատ թաղամասեր ենթարկուած են հրթիռարձակումներու եւ կրակոցներու, ինչպէս նաեւ ուղղակի բախումներու շրջան դարձած են. յատկապէս կարելի է նշել Ճիտէյտէի, Թիլելի եւ յարակից թաղերը, ուր կը գտնուին Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանը, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին, դպրոցներ, եւ այլն:
Պոսթան Փաշայի շրջանը վերածուած է հակամարտող կողմերու միջեւ սահմանագիծի: Շրջանին մէջ կը գտնուի Հայկական ծերանոցը, որ նիւթական վնասներ ունի, սակայն ծերերը կը գտնուին ապահով վիճակի մէջ, թէեւ պատահած է, որ ընդդիմադիր զինեալներ որեւէ պէտքի համար մուտք գործեն եւ դուրս քան ծերանոցէն:
Սուլէյմանիյէ թաղամասին մէջ շատ յաճախ կը լսուին կրակոցներ: Նոյնն է պարագան նաեւ Նոր Գիւղի մէջ, ուր կը գտնուին Ազգային ճեմարանը, Զաւարեան եւ Սահակեան վարժարանները, Հայկազեան մանկապարտէզը եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին: Շրջանին մէջ եւս եղած են կրակոցներ եւ արձանագրուած են վիրաւորներ: Սուրիահայ շտապ օգնութեան Հալէպի մարմինի տղաքը կը հասնին օգնութեան, ուր որ պէտք է:








All the contents on this site are copyrighted ©.