2012-08-29 12:36:10

Արաբական Աշխարհի Լատին Եպիսկոպոսներու Զօրակցութիւնը Սուրիոյ Քրիստոնեաներուն


Արաբական աշխարհի լատին եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը Հալէպի լատին եկեղեցւոյ առաջնորդ Ճուզեբբէ Նածարօյի յղած պատգամով զօրակցութիւն յայտնած են անոր ու երկրի բոլոր քրիստոնեայ հաւատացեալներուն։
Լատին եպիսկոպոսներու համահաւք դասը մտահոգութիւն յայտնած է ի տես ամէնօրեայ պատահած աղէտներուն։ Բռնութիւնները դժբախտաբար չեն դադրած տակաւին - կը գրեն եպիսկոպոսները - եւ հազարաւոր մարդիկ եղբայրասպան արարքներու զոհ են, տասնեակ հազարաւոր ուրիշներ երկիրը թողած այլուր ապաստանութիւն կը փնտռեն իսկ հազարաւորներ կ՛ապրին աղքատութեան մէջ անյայտ ապագայի մը հեռանկարով։ Վճռակամ կը դատապարտենք աճող ուժգնութիւնները որուն զոհ է նաեւ քրիստոնեայ հասարակութիւնները անոնց կարոյցները։ Մեր զօրակցութիւնն ու մօտիկութիւնը կը յայտնենք եկեղեցականներուն, կրօնաւորներուն ու բոլոր հաւատացեալներուն - յայտարարած են լատին եպիսկոպոսները ու հրաւիրած են հաւատացեալները աղօթելու որպէսզի Տէրը լուսաւորէ միջազգային հասարակութեան գործիչներու միտքը ու զանոնք կարող դարձնէ երկխօսութեան ճանպարհը գտնելու վերջ դնելու համար այս աղէտալի ողբերգրական պատերազմին։








All the contents on this site are copyrighted ©.