2012-08-28 12:09:31

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Այսօր երեքշաբթի 28 օգոստոսին արձանագրութիւններու պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ յառաջիկայ 2013 յուլիս 23-28 Րիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ նշուելիք` երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ մասնակիցներուն։ Նշենք որ սոյն հաւաքին բնաբանն է <<գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը>>. Հաւաքին ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը։
Ընթացիկ տարուայ երիտասրադութեան համաշխարդային օրուայ բնաբանն էր ''Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջ մէջ'' եւ այս առթիւ իր յղած պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը գրած էր << Երիտասարդութեան օրուայ Ուրախութիւնը քրիստոնէական յոյսի կեդրոնական տարր մըն է։ Ներկայ աշխարհը որ յատկանշուած է տխրութեամբ ու մտավախութեամբ, ուրախութիւնը յկը դառնայ ոյժ կարեւոր վկայութիւն մը քրիստոնէական հաւատքի գեղեցկութեան ու ապահովութեան։Եկեղեցւոյ կոչումն է աշխարհին բերել ճշմարիտ ու մնայուն ուրախութիւն, նման այն ուրախութեան որ հրեշտակները աւետեցին հովիւներուն Յիսուսի ծննդեան օրը։
Մեր ներկայ ժամանակներուն, բազմաթիւ երիտասարդներ կենսական կարիքը ունին լսելու քրիստոնէական պատգամը, որ է ուրախութեան ու յոյսի պատգամ։ >>







All the contents on this site are copyrighted ©.