2012-08-28 11:46:39

Սուրիոյ Քրիստոնեայ Համայնքներու Ղեկավարները Գաղթը Մերժող Միացեալ Յայտարարութիւն Հրապարակած Են:


«Ախպար-Թի.Էս.» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներու ղեկավարները շաբաթ օր Հալէպի մէջ հրապարակած են միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը հրաժարին «որեւէ տեսակի գաղթէն, որուն կոչ կ՛ուղղեն որոշ կողմեր», եւ քննադատած են «սպառնալիքներու լեզուն»:
Հանդիպումէն բխած յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ «միակ ընդունելին կառուցողական երկխօսութեան լեզուն է»:
Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներու ղեկավարները հաւաքուած են ասորական եկեղեցւոյ մէջ, ուր հաստատած են, որ «քրիստոնեաները Սուրիոյ բնիկներէն են եւ պիտի մնան հայրենի հողին վրայ»:
Սուրիոյ քրիստոնեաները քննադատած են «կրօնական ծայրայեղութեան որեւէ դրսեւորում» եւ հակամարտող կողմերուն խաղաղութեան կոչ ուղղած են:
Հոգեւորականները նաեւ հերքած են մէկ օր առաջ համացանցի վրայ տարածուած «Հալէպի հոգեւորականներու ճակատին» վերագրուող «Հալէպի քրիստոնեաներու եւ իսլամներու միջեւ ապահովութեան եւ խաղաղ համագոյակցութեան մասին» վերնագիրով յայտարարութիւնը, որուն միջոցով քրիստոնեաները իբրեւ թէ իրենց համայնքներու ներկայացուցիչներուն կոչ ուղղած են «ազատ բանակի կողքին» կանգնելու եւ քննադատելու «Ասատի ուժերու պատճառած աւերուածութիւնները»:
Սուրիոյ քրիստոնեաները նոյն յայտարարութեան ծիրին մէջ ողջունած են Հռոմի պապին սեպտեմբերին նախատեսուած Լիբանան այցելութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.