2012-08-28 13:10:11

Սուրիոյ Ծայրայեղ Մահմետականները Կործանած են Մելքիթ Յոյն Կաթողիկէներու Առաջնորդարանը։


Հալէպի Մելքիթ յոյն կաթողիկէներու թեմի առաջնորդը մետրապոլիտ Ժանպարթ միջազգային մամուլին յայտնած է որ Սուրիոյ ընդդիմադիր մահմետականները յարձակած են առաջնորդարանին վրայ եւ թէ Ինք ու իր հետ գտնուղ քահանաները հազիւ կարողացած են փախչիլ ու ապաստանիլ ֆրանչեսքեաններու վանքը։ Առաջնորդին գնահատումով ընդդիմադիր խումբերու մէջ կը գտնուին ահաբեկիչներ եկած Չեչենիայէն, Լիպիայէն, Փաքիստանէն, Աֆղանիստանէն, Թիւնիզիէն եւ Սաուտ Արաբիայէն։ Այս խումբերու միակ նպատակն է խառնաշփոթութիւն ստեղծել բնակչութեան միջեւ եւ աւերներ գործել։ Ահաբեկիչ խումբերը կը յուսան իրենց այս վատ արարքով դաւանական պատերազմ հրահրել ու խլորտում ստեղծել բնակչութեան միջեւ։
Յայտնենք որ Հալէպի Մելքիթ յոյն կաթողիկէ եկեղեցին կը հաշուէ շուրջ 18 հազար հաւատացեալ, Անտիոքի պատրիարքութեան ամենէն հին աթոռը եղած է։ Քրիստոնէութիւնը Հալէպ հաստատուած է առաքելական շրջանէն սկսեալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.