2012-08-28 12:30:56

Մօտ 12.000 Սուրիացի Քրիստոնեաներ Արգելափակուած՝ Լիբանանի Սահմանին.


Մօտ 12.000 Սսուրիացիներ արգելափակուած են Ռապլէ քաղաքին մէջ, Լիբանանի սահմանէն ոչ հեռու, կը յայտնէ՝՝Ռիա Նովըսթի՝՝ ն ,տեղեկացնելով Վատիկանի Ռատիոկայանը ( քրիստոնեայ փախստականներու հեռանալուն գլխաւորաբար կը խոչընդոտեն սուրիացի ապստամբները) ։
Աղէտեալ Եկեղեցիին սատարման Հիմնադրամի տուեալներով, քրիստոնեաները արդէն 2 շաբաթ անջատուած են արտաքին աշխարհէն եւ չունին մարդասիրական օգնութիւն ստանալու հնարաւորութիւն:Ապստամբները թոյլ չեն տար օգնութիւն հասցնել անոնց եւ կրակ կը բանան փախստականերու վրայ ամէն անգամ, երբ անոնք հեռանալու փորձ կը կատարեն:
Ըստ Հիմնադրամի ներկայացուցիչին, ապստամբ դիպուկահարները արդէն 3 տղամարդ սպաննած են. անոնք փորձած էին դուրս ելլել արգելափակուած գօտիէն` սնունդ հայթայթելու համար: Կառոյցը միջազգային հանրութեան կոչ ըրած է ՝՝ընել հնարաւոր ամէն բան` արգելափակուած սուրիացի փախստականներուն օգնելու համար՝՝ :
Աղէտեալ Եկեղեցիի սատարման հիմնադրամը հաւաքած է մօտ 800 քկ-անոց մարդասիրական բեռներ եւ յոյսով է, որ անոնք յառաջիկային կը փոխանցուին փախստականներուն: ՄԱԿ-ի տուեալներով Սուրիոյ հակամարտութեան մէկ ու կէս տարուան ընթացքին երկիրը լքած է 200.000 հոգի:








All the contents on this site are copyrighted ©.