2012-08-28 13:12:23

Կարսի Մզկիթի Վերածուած Ս. Առաքելոց Եկեղեցւոյ Դռները Միայն Նամազի Ժամերուն Կը Բացուին։


Կարսի բերդին մօտ գտնուող Ս. Առաքելոց եկեղեցին վերածուած է մզկիթի, սակայն բաց կ՛ըլլայ միայն նամազի ժամերուն, ինչ որ տեղացի եւ օտարերկրացի զբօսաշրջիկներուն զայրոյթը կը յառաջացնէ: կը հաղորդէ Թրքական «Սոնտաքիքիա» կայքէջը նշելով՝ «Կարս եկող տեղացի եւ օտարերկրացի զբօսաշրջիկները նախ եւ առաջ կ՛այցելեն Կարսի բերդը, սակայն եկեղեցի-մզկիթ այցելել չեն կրնար, որովհետեւ ատոր դռները փակ կ՛ըլլան», Եկեղեցին կառուցուած է 932-937-ին Աբաս Բագրատունի թագաւորին կողմէ, եւ 1994-ին անուանափոխուած է եւ վերածուած մզկիթի: Սակայն այցելուները կը պահանջեն անոր դռները միշտ բաց պահել: Կարսի եկեղեցին մտնել չկրցող զբօսաշրջիկները անմիջապէս կը մեկնին Անիի աւերակները տեսնելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.