2012-08-28 12:30:39

Էդուարդ Նալբանդեան Կ՝ընդունի Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Պետական Քարտուղար Տիկին Մարթա Տասսու-ն։


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Մարթա Տասսու-ի գլխաւորած Պատուիրակութիւնը:
Նախարար Նալբանդեան նշեց, որ հայ-իտալական բարեկամական կապերը դարերու պատմութիւն ունին, եւ լաւ հիմք են արդիւնաւէտ ու բազմաոլորտ համագործակցութիւն ծաւալելու համար, ինչպէս նաեւ գոհունակութեամբ ընդգծեց վերջին տարիներու ընթացքին տարբեր ուղղութիւններով երկու երկիրներու միջեւ երկկողմանի համագործակցութեան խորացումը եւ զարգացումը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, Մարթա Տասսու նշեց, որ ուրախ է Երեւան այցելելու` քննարկելու երկկողմանի համագործակցութեան յաւելեալ զարգացման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը: Նալբանդեան եւ Տասսու կարեւոր նկատեցին նախորդ տարեվերջին Հայաստանի նախագահի այցելութիւնը Իտալիա եւ այդ այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:
Հանդիպման ընթացքին խոսուեցաւ նաեւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերակատարութեան մասին : Կողմերը քննարկեցին ապա առեւտրա-տնտեսական, գիտական, մշակութային եւ զբօսաշրջական մարզերուն մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան ներկայ ընթացքը եւ այդ մարզին մէջ նախատեսուող զարգացումները:
Նախարար Նալբանդեան,Տիկին Մարթա Տասսուի ներկայացուց Արցախեան տագնապի լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումները: Անոնք քննարկեցին նաեւ շրջանային եւ միջազգային օրակարգի շարք մը հարցեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.