2012-08-28 12:31:13

Արեւմտահայերէն Փորձնական Դասագիրքերու Շնորհանդէսը։


«Զանգակ» հրատարակչութեան գրատան մէջ Օգոստոս 28-ին տեղի կ'ունենայ փորձնական դասագիրքերու շնորհանդէսը ( կը տեղեկացնէ Սփիւռքի Նախարարութեան Մամլոյ Ծառայութիւնը):
Հրատարակուած են Սփիւռքի միօրեայ հայկական դպրոցներու համար «Այբբենարան», «Արեւմտահայերէնի դասագիրք. ընթերցարան 1» եւ «Արեւմտահայերէնի դասագիրք. ընթերցարան 2» դասագիրքերու փորձնական օրինակները:
Դասագիրքերէն իւրաքանչիւրէն տպագրուած են 500 օրինակներ , որոնք ուղարկուած են սփիւռքի ազգային վարժարաններ, հայկական միօրեայ կրթական հաստատութիւններ:
Դասագիրքերու մշակման մասնակցած են արեւմտահայերէնի սփիւռքեան եւ հայաստանեան մասնագէտները:Դասագիրքերու տպագրութիւնը իրականացուցած է «Զանգակ» հրատարակչութիւնը:
Ամիս մը տեւող փորձարկումէն ետք, առաջարկները -դիտողութիւնները նկատի կ'առնուին դասագիրքերու վերջնական տարբերակները հրատարակման պատրաստելու ժամանակ:








All the contents on this site are copyrighted ©.