2012-08-28 12:31:29

Ամերիկահայ Ժամագործ Կարօ Անսէրլեան Հեղինակած " Մարս" Մոլորակի Ժամացոյցը։


Ամերիկահայ ժամագործ Կարօ Անսէրլեանը հեղինակած է ՝՝Մարս՝՝ի ժամացոյցը։ Մարս մոլորակի մէջ ժամանակը ցոյց տուող ամենաճշգրիտ սարքը, կը տեղեկացնէ Aztag Arabic-ը:Լրատուամիջոցը կը յայտնէ, որ ան ԱՄՆ-ի Տիեզերագնացութեան գործակալութեան` Նասա-ի Curiosity նախագիծի անդամներէն կը համարուի:

Curiosity մարսագնացը, ըստ այդմ, Մարս մոլորակի մէջ ժամանակը չափելու համար կ’օգտագործէ Անսէրլեանի պատրաստած ժամացոյցը, որ առաւելագոյն ճշգրտութիւն ունի` Կարմիր մոլորակի մէջ ժամանակային առանձնայատկութիւններու նկատառումով:

Մարսի մէջ, Երկիր մոլորակի չափանիշներով, օրը բաղկացած է 24 ժամ 39 րոպէ 35 վայրկեանէն, ինչ որ 2,7 տոկոս երկար է երկրային ժամանակէն:

Ըստ աղբիւրի` աւելի վաղ զուիցերիոյ ժամագործները յայտարարած են, թէ անհնար է Մարսի ճշգրիտ ժամացոյց ստեղծել, որմէ ետք Նասա-ն դիմած է Անսէրլեանին: Վերջինս կ’աշխատի Քալիֆորնիոյ Մոնտրոս քաղաքի մէջ, կը ղեկավարէ Executive Jewelers ընկերութիւնը:
Անսէրլեանը «Մարսեան» ժամացոյցներու ստեղծման ուղղութեամբ կ’աշխատի 2004-էն: Ժամացոյցի ստեղծման վրայ ան ծախսած է 2 ամիս ժամանակ: Մինչ օրս վաճառուած է ժամացոյցի մօտ 1000 նմուշ, իսկ արժէքը 295 տոլար է:

Անսէրլեանի ժամացոյցները օգտագործուած են նաեւ 2004-ին Opportunity մարսագնացի վրայ:Armenian Weekly-ն հաշուած է առնուազն 16 հայ գործիչներ, որոնք կ’աշխատին Նասա-ի` Մարսի հետազօտութեան ծրագրի ծիրէն ներս, որուն մաս կը կազմէ Curiosity նախագիծը:








All the contents on this site are copyrighted ©.