2012-08-25 10:23:11

ֆրանսացի 2600 Երգիչ-Երախաներու Ուխտագնացութիւնը Յաւիտենական Քաղաքին Մէջ։


Անոնք, յառաջիկայ 29 օգոստոսին, Հանդիպում պիտի ունենան Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ։
Արդարեւ Սրբազան Հայրը (յատուկէն իրենց համար) Հռոմ պիտի վերադառնայ զանոնք ընդունելու՝ Ս. Պետրոսի հրապարակը։
25-31 օգոստոս Յաւիտենական քաղաք իրենց կեցութեան ընթացքին, անոնք պիտի այցելեն Հռոմի գլխաւոր վայրերը։ Անոնց կ'ընկերանան շուրջ 100 քահանաներ եւ տասը եպիսկոպոսներ։
Նշենք որ 4 օգոստոս 2010-ին աւելի քան 53 հազար երախայ-երգիչներ, եկած էին Եւրոպայի զանազան երկիրներէն, ողջունելու՝ Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.