2012-08-25 10:15:26

ՄԱԿի Մօտ Վատիկանի Մնայուն Դէտի Մտահոգութիւնը Կրօնական Անհանդրժողութեան Աճին Ի Տես.


Քրիստոնեաները ամենէն աւելի հալածուած՝ աշխարհի մէջ։
Գերապայծառ Թոմազի` Ս. Աթոռի մնայուն դէտը Ժընեւի կեդրոնի ՄԱԿի մօտ, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով իր մտահոհութիւնը յայտնած է կրօնական անհանդրժողութեան ծաւալումին ի տես, ըսելով որ Քրիստոնեաները, աշխարհի մէջ, ամէնէն շատ հալածուած են, դատական դրութեան ու քաղաքական իշխանութիւններու մեղսակցութեան պատճառաւ։ Ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան համար, Իտալիոյ՝ Ռիմինի քաղաքի մէջ կայացած՝ միջազգային համագումարին ընթացքին խօսք առնելով Գերապայծառ Թոմազի ըսաւ. ՜՜ Քրիստոնեաներու հալածանքի երեւոյթը մասնաւորապէս յայտնի է Նիճերիոյ, Սոմալիայի, Իրաքի եւ Հնդկաստանի երկիրներու մէջ, եւ այլ ձեւի տակ այդ հալածանքը կը տեսնենք Արեւմուտքի մէջ։ Ներկայիս արեւմտեան մշակոյթի մէջ կրօնքը կը նկատուի արգելք մը անհատական ազատութեան դէմ ։ Այս կեցուածքով քրիստոնէական արժէքները նկատի չեն առնուիր հանրային որոշումներու ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.