2012-08-25 09:23:24

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կազմակերպած «Անուշ Հայրենիք» Ճամբարը Սիսիանի Մէջ


«Անուշ հայրենիք» ճամբարի տեւողութիւնը շուրջ երկու շաբաթ է, «Երկիր Մետիա» կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ եւ սիսիանցի դաշնակցական երիտասարդներու օժանդակութեամբ, «Անուշ հայրենիք»-ը արդէն երրորդ տարին է, որ Սիսիանի մէջ կը կազմակերպէ երեխաներու ամառնային հանգիստ:
«Տարբեր երգեր կը սորվինք, խաղեր կը խաղանք, կը սորվինք ինքնապաշտպանութիւն, առաջին բժշկական օգնութիւն կը սորվեցնեն մեզի», ըսած է Լուսինէ Խաչատրեան որ արդէն երկրորդ անգամն է, որ կը մասնակցի այս ճամբարին եւ ոչ մէկ օր կը բացակայի, ան հետաքրքրական ժամանակ կ՛անցընէ:
Ճամբարին առօրեայ ժամանակացոյցը նախորդ տարիներուն համեմատ գրեթէ անփոփոխ մնացած է: Փոփոխութիւններ մտցուած են հայ ժողովուրդի պատմութեան դասաժամերու ծրագիրին մէջ:
Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս՝ ճամբարին մասնակցող երախաներուն թիւը աւելի քան 300 է։ Ըստ խմբապետ Վարագ Գեթսեմանեանի՝ «Ասիկա հրաշալի փորձառութիւն է: Սփիւռքէն եկած՝ տեղւոյն երեխաներուն հետ կապ հաստատելով արդէն կը հասկնանք անոնց մտածելակերպը, անոնց առջեւ դրուած մարտահրաւէրները փորձելով ամէն գնով օգտակար դառնալ»:
Սիսիանի երեխաներուն հետ աշխատող լիբանանահայ 6 կամաւորներէն՝ Յակոբ Գըլընճիպաշեան առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուի հայրենիքի մէջ եւ ուրախ է, որ իրեն եզակի կարելիութիւն տրուած է հայրենիքի երեխաներուն հետ կապ հաստատելու եւ հայրենիքը տեսնելու: Տպաւորուած է հայ երեխաներուն ուսումնատենչութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.