2012-08-24 13:15:56

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Ցաւակցական Հեռագիրը Ի Լուր Թայուանի Քօշունկ Թեմի Վաստակաւոր Առաջնորդ' Կարտինալ Շան Քուօ Հսիի։


Ցաւակցական գիրին մէջ Սրբազան Հայրը իր խոր ցաւը կը յայտնէ Թայուանի Քօշունկ թեմի վաստակաւոր առաջնորդ` կարտինալ Շան քուօ Հսիի մահուան ի լուր, յայտնելով նաեւ իր երախտագիտութիւնը անոր տուած ծառայութիւններուն համար։
Կարտինալ Շան քուօ Հսի վախճանեցաւ թայուանի հիւանդանոցը 89 տարեկանին։
Նորին Սրբութիւնը գոհութիւն կը մատուցանէ Աստուծոյ որ նման նուիրեալ հոգեւորական մը տուաւ իր եկեղեցւոյ որ անվերապահ նուիրումով ու վեհանձնութեամբ ծառայեց ի փառս Աստուծոյ ու եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը կը միանայ բոլոր այն հաւատացեալներուն, որոնք կ'ողբան վախճանեալ կարտինալին մեծ կորուստը եւ մասնաւորապէս անոր Յիսուսեան միաբանակիցները։
Հուսկ Սրբազան Քաահանայապետը Տիրոջ կը յանձնէ ննջեցեալ կարտինալին հոգին Աստուծոյ անհուն ողորմութեան։
Կարտինալը ծնած էր 1923ին Չինաստանի Թամինկ մարզին մէջ։ 1946-ին կ'անդամակցի Յիսուսեան միաբանութեան։ Իմաստասիրական ու աստուածաբանական ուսումները աւարտելէ ետք կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի 1956-ին։ 1976-ին տեղապահ եպիսկոպոս կը նշանակուի Թայփէյի թեմին։ Ան աւետարանութեան մեծ առաքեալ եղած է ու միջկրօնական երկխօսութեան գործօն դերակատար։ 1998-ին՝ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը նշանակեց զինք անդամ կարտինալական դասին. 1991-ին՝ առաջնորդ անուանուեցաւ Թայուանի Քօշունկ թեմին։ Յայտնենք որ ննջեցեալ կարտինալը մեծապէս գնահատուած ու սիրուած էր հաւատացեալներէն։ Իր բոլոր կեանքը նուիրեց Չինաստանի եկեղեցւոյ հաշտութեան ու համերաշխութեան համար։
կարտինալական դասը ներկայիս կը հաշուէ 207 անդամ, որոնցմէ 119-ը՝ Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.