2012-08-24 10:25:22

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Ողջոյնի Խօսքը Գաղտիացի Կրօնաւորուհիներուն։


Նորին Սրբութիւնը, Չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, սիրալիր ու քաջալերական խօսք մը ուղղեց գաղտիացի Անարատ Յղութեան Տիարամօր նուիրուած միաբանութեան քոյրերուն, որոնք մեծ յանձնառումով ու նուիրումով կը ծառայեն Իրագի բոլոր բնակիչներուն անոնք ըլլան քրիստոնեայ թէ մահմետական։
Յայտնենք որ Ռիմիննիի միջազգային հաւաքին, փրօֆեսոր Մետհաթ, դասախօս Պաղտատի համալսարանի մէջ, հետեւեալ վկայութիւնը տուաւ Իրաքի քրիստոնեաներու ներկայ իրավիճակին մասին. ՜՜ Ան մատնանշեց որ քրիստոնեաները առաջին դարուն իսկ կ'ապրէին Իրաքի մէջ եւ վերջին 50 տարիներուն, անոնք եղան նոր Իրաքի շինարարները։ Իրաքի քրիստոնեաները կը ներկացնէին բնակչութեան 20 տոկոսը, իսկ ներկայիս անոնք հազիւ 5 առ հարիւրը կը հաշուեն։ Անոնք հալածուած են ծայռայեղ մահմետականներէն ու անտեսուած միջազգային հասարակութենէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.