2012-08-24 13:08:07

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Առաքելական Այցելութիւնը Լիբանան:


՜՜Խաղաղութեան Յոյսի՝՝ Նշանաբանով։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Լիբանան կը հասնի յառաջիկայ 14 սեպտեմբերին, հակառակ երկրի ներկայ վրդով վիճակին ու քաղաքական դժուարութիւններու, յայտարարած է գերապայծառ Զէյտան՝ պատասխանատու Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան այցելութեան։
Այս այցելութիւնը, որ տեղի կ'ունենայ երկրի հանրապետութեան նախագահի հրաւէրով, կը շահագրգռէ Լիբանանի բոլոր համայնքները, ըլլան անոնք քրիստոնեայ թէ մահմետական։
Առաքելական այս այցելութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը պիտի ստորագրէ Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսական սիւնոդոսի առաքելական յորդորագիրը։
Այս այցելութեամբ, ըսաւ գերապայծառ Զէյտան, Լիբանանը կ'ուզէ ցոյց տալ Սրբազան Հօր լիբանանեան ընկերութիւնը, ուր քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքները միասնաբար խաղաղութեամբ ու ներդաշնակօրէն կ'ապրին։ Հակառակ երկրի ներկայ քաղաքական դժուարութիւններու Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Լիբանան ճամբորդելու իր կամքը յայտնեց, որպէսզի ինք եւս իր կարգին սատարէ Լիբանանու խաղաղութեան ու անվտանգութեան։
Վերջերս Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչ կարտինալ Սանտրի ելոյթ ունեցաւ Սրբազան Քահանայապետին Լիբանան այցելութեան նշանակութեան մասին` ՜՜Լիբանանը` մայրիներու երկիրը, խաղաղ համակեցութեան առաքինութիւնը ունին, ըսաւ կարտինալը, որուն գնահատումով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Լիբանան այցելութիւնը սեպտեմբեր 14-16 կարող է ամրապնդել Լիբանանի միջազգային այս դերը։ Մայրիներու երկիրը ունի ''խաղաղ համակեցութեան'' առաքելութիւնը̓, եւ կարող է Եւրոպային ընծայել հոգեւոր ու մշակութային ՜՜մոզայիք՝՝ պատկեր մը։
Հուսկ Ս. Աթոռի ներկայացուցիչը խօսեցաւ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ հալածուած քրիստոնեաներու մասին, եւ յատկապէս Ափրիկէի մէջ, որ անցեալին եղած է եւրոպական գաղթավայր մը։
Այդ ուղղութեամբ Իտալիոյ Ռիմինի քաղաքի գիտաժողովին նաեւ՝ խօսուեցաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու մասին։ Գերապայծառ Թոմազի` մնայուն դէտը ՄԱԿի Ժընեւի գրասենակին մօտ ըսաւ. ՜՜ամէն օր ականատես ենք քրիստոնեաներու դէմ աճող հալածանքին աշխարհի զանազան վայրերու մէջ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.