2012-08-24 13:42:45

Նոր Աւետարանացումը Եւ Քրիստոնէական Հաւատքի Փոխանցումը


Նոր աւետարանացումը եւ քարոզելու արուեստը --բ-
Նախորդ հաղորդումին մէջ յայտնաբերեցինք կարգ մը կէտեր մեր Հայ Եկեղեցւոյ բեմերուն վրայ քարոզախօսութեան արուեստի մասին: Կ՛ուզենք նաեւ որոշ թելադրութիւններ ալ ընել քարոզելու արուեստի մասին:
ա- Միայն փափաքը բաւական չէ քարոզելու համար: Յարմարութիւններ կան, այսինքն՝ լաւ գիտնալ իր քարոզութեան բուն նիւթը, գիտնալ քիչ թէ շատ անոր յարակից նիւթերը, բանախօսական թերութիւններ չունենալ՝ որ արտայայտութիւնը չձախողի:
բ- Ո՛չ շատ երկար, ոչ շատ կարճ խօսիլ, որպէսզի նիւթը իր բոլոր գիծերով դուրս գայ եւ տպաւորուի ունկնդիրներու վրայ:
գ- Պարզ ըլլալ, երկար դարձուածքներ, աւելորդ ընդլայնումներ ու նիւթէն հեռացումներ , տգեղ նորաբանութիւններ՝ բացարձակապէս կը վնասեն յաջողութեան: Քարոզին ամենէն հիմնական պայմաններէն մէկն է պարզութիւնը:
դ- Լաւ պատրաստուիլ: Ոմանք կը կարծեն թէ առանց պատրաստութեան բեմ ելլել մեծ կարողութեան ապացոյց մըն է: Մեծ կարողութեան ապացոյցը՝ պատրաստուիլ գիտնալն է: Շատ մը բաներ՝ որ ժամերով կը խօսուին բեմէմ առանց պատրաստութեան եւ ո՛չ մէկ արդիւնք կրնան ունենալ: Ամենէն մեծ քարոզիչներ իրենց յատուկ որեւէ եղանակով միշտ կը պատրաստեն իրենց քարոզը եւ ետքը կը խօսին: Հետեւաբար պատրաստութիւնը քարոզիչի համար յաջողութեան գաղտնիքն է:
ե- Բեմը չնուաստացնել եւ միմիայն իր նպատակին ծառայեցնել: Չնուաստացնել ո՛չ միայն անձնական խնդիրներով, այլեւ օտար նիւթերով: Ոմանք բեմը կ՛օգտագործեն քննադատելու որոշ պետական անձնաւորութիւններ, քաղաքական գործիչներ, եւ այլն: Երբեք չենք ուզեր ըսել որ եկեղեցական դասը պէտք չէ զբաղիլ քաղաքականութեամբ: Ընդհակառակը քաղաքականութիւնը, եւ ընկերային դաստիարակութիւնն ու մարդոց գերագոյն բարիքը եկեղեցւոյ վարդապետութեան մաս կը կազմեն: Սակայն Բեմը Աստուծոյ խօսքին տեղն է: Մարդիկ եկեղեցի կը յաճախեն Աստուծոյ խօսքը մտիկ ընելու եւ անորմէ հոգեւոր սնունդ քաղելու:
զ- Ի վերջոյ, Աւետարանը լաւ քարոզելու համար ուրիշ բաներ ալ գիտնալ պէտք է. ժողովուրդի լեզուն, ժողովուրդին մտայնութիւնը, եկեղեցական պատմութիւն, աստուածաբանութիւն, փիլիսոփայութիւն, նոյնիսկ բնական գիտութիւններէն ալ լուր պէտք է ունենալ: Քարոզիչը անպատճառ որչափ շատ բան կարդայ, այնչափ լայն միտք կ՛ունենայ եւ պէտք է լուրջ ենթերցումներով նորոգուիլ:
Այս բոլորի եզրակացութիւնն է, թէ քարոզիչը յաւիտենական ուսանող պիտի մնայ, միշտ կարդայ, պաշար հաւաքէ, իր նկատողութեան տետրակի մէջ գեղեցիկ մտքեր, պատկերաւոր արտայայտութիւններ, շինիչ գաղափարներ արձանագրէ:
Այս պայմաններու տակ քարոզելու արուեստը վստահ ենք՝ որ պիտի մշակուի եւ պիտի բարգաւաճի լուրջ աշխատողներու ձեռքով:









All the contents on this site are copyrighted ©.