2012-08-24 10:32:25

Հաշտութեան Հանդիսաւոր Ներգործութիւն Լեհ Եկեղեցւոյ Ու Մոսկուայի Պատրիարքութեան Միջեւ։


Վատիկանի առաքելական դեսպան՝ գերապայծառ Միլիորէի գնահատումով քաղաքականութիւնը ու կրօնը միասին կը գործեն հասարակաց բարիքին համար։
Եւրոպայի եպիսկոպոսները ''Հաշտութեան պատմական ներգործութիւն'' որակած են Լեհաստանի եպիսկոպոսական դասի ու Մոսկուայի պատրիարքութեան միացեալ յայտարարութիւնը, որ կը կրէ ստորագրութիւնը Լեհաստանի եպիսկոպոսական դասի նախագահ՝ արքեպիսկոպոս Ժոզէֆ Միխալիքի ու համայն Ռուիոյ պատրիարք Կիւրեղ Ա-ի։
Նորին Սրբութիւնը կիրակի 19 օգոստոսին Հրեշտակ Տեառն մարմեմեան աղօթքին ընթացքին ընդգծեց ՜՜կարեւորութիւնը՝՝ այդ ներգործութեան որ պիտի սատարէ եղբայրակցութեան միութեան աճումին ու միասնաբար համագործակցութեան աւետարանական արժէքները տարածելու՝ ժամանակակից աշխարհին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.