2012-08-24 13:36:45

Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Ներկայացուցիչներու Այցելութիւնը Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։


Երեքշաբթի 21 օգոստոսին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, իր վեհարանին մէջ ընդունեց Արհիապատիւ՝ Ռաֆայէլ Արքպ. Մինասեան՝ առաջնորդը Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ Հայոց, Գերապայծառ Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան մեծաւորը, եւ Գերապատիւ Հայր Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Հաղորդակցութեանց պատասխանատուն:
Այցելութեան նպատակն էր նախ շնորհաւորել Վեհափառ Հայրապետը իր ծննդեան 61րդ տարեդարձին առթիւ, ինչպէս նաեւ աւելի մօտէն ծանօթանալ իրարու՝ ի սպաս Հայ Եկեղեցւոյ միութեան: Հանդիպումին աւարտին, Գերապայծառ Մուրատեանը բաց հրաւէրով մը փափաք յայտնեց Վեհափառին որ Զմմառու վանքն այցելէ, եւ անոր նուիրեց Զմմառու Տիրամօր արծաթեայ պատկերն ու վանքիս 250 ամեակի նուիրուած ոսկեայ մետալը: Վեհափառ Հայրապետն ալ իր կարգին Մայր Աթոռ Ս[ Էջմիածնի արծաթեայ պատկերը նուիրեց Գերապայծառին:
21 օգոստոսին երեկոյեան, Սփիւռքի նախարար տիկ. Հրանուշ Յակոբեան, ընթրիքի հրաւէրով պատուեց Հայաստանի Առաջնորդն ու Լիբանանէն ժամանած հիւրերը: Չորեքշաբթի 22 եւ Հինգշաբթի 23 օգոստոսին,Արհի. Ռաֆայէլ Արքպ. Մինասեան, Գերապայծառ Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, եւ գերապատիւ հայր Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան, այցելեցին Թիֆլիս (Վրաստան), ուր առաջին հերթին ծանօթացան ժողովրդապետութեան, տեղւոյն ժողովրդապետին՝ Հայր Միքայէլ Վրդ. Խաչքարեանի, ինչպէս նաեւ շրջապտոյտ մը կատարեցին աւելի մօտէն ծանօթանալու քաղաքին:









All the contents on this site are copyrighted ©.