2012-08-23 14:01:27

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Պատգամը Կաթողիկէ Բանուորական Միջազգային Շարժումի Զ. Համագումարին։


Ռումանիոյ մէջ 22-29 օգստոս տեղի կ'ունենայ կաթողիկէ բանուորական միջազգային շարժումի 6-րդ համագումարը. անոր աշխատանքներուն կը մասնակցին չորս ցամաքամասերէ 35 երկիրներէն եկած ներկայացուցիչները` ունենալով որպէս նիւթ. ''եկեղեցական ու ընկերային համապատասխանատուութիւնը'' եւ ունենալով որպէս վկայութիւնը ''Էմմաուսի աշակերտներու օրինակը. ուր գրուած է ''նոյն ժամուն մեկնեցան ու վերադարձան Երուսաղէմ''։
Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը քաջալերական պատգամ մը ուղղեց մասնակցողներուն ընդգծելով քրիստոնեայ աշխարհականներու դերն ու առաքելութիւնը եկեղեցւոյ մէջ։
Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը կը նշէ որ այս հաւաքը մեծ դեր մը կրնայ ունենալ քանի որ Եկեղեցին կը պատրաստուի գումարելու՝ հոկտեմբեր ամսոյն մէջ եպիսկոպոսական սիւնհոդոս մը Նոր Աւետարանութեան մասին սկիզբ տալով Հաւատքի տարւոյն։
Ապա Սրբազան Հայրը կ'ընդգծէ որ աշխարհականները պէտք չէ նկատել որպէս հոգեւորականներու օգնական այլ որպէս համապատասխանատուներ։ Նման առաջին քրիստոնեայ հասարակութեան, ՜՜ուր ( կը կարդանք Առաքեալներու Գործերու մէջ) Հաւատացեալներու բազմութիւնը մէկ սիրտ ու մէկ հոգի էր՝՝։
Կաթողիկէ բանուորական շարժումները, կը գրէ Պենետիկտոս ԺԶ, հարուստ են իրենց պատմութեամբ, հաւատքի հերոսական վկայութեամբ ու պտղաբերութեամբ, այդ շարժումներէն յառաջ եկած են Քրիստոսի արի վկաներ, ճանչցուած Եկեղեցիէն որպէս երանելիներ ու սուրբեր։ Դուք եւս այսօր կանչուած էք սրբութեան ճամբու վրայ յառաջանալու։ Թող ձեր կեանքը վկայութիւն ըլլայ Աւետարանի, զարգացուցէք ձեր անհատական կապերը նախ ձեր ընտանեկան տունէն ներս, ձեր պարագաներու հետ ու ընկերային կեանքի` մշակութային, քաղաքական գործունէութենէն ներս, ունենալով որպէս վերջին նպատակ հասարակաց բարիքը։
Իր պատգամին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը իր օրհնութիւնը կու տայ բոլոր Ռումանիոյ մէջ համախմբուած կաթողիկէ բանուորական միջազգային շարժումի անդամներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.