2012-08-23 14:13:20

Հայուհի Բժիշկն ու Հայուհի Ոստիկանը ՙԲացառիկ Կին՚ Ճանչցուած են Կլենտըլի Մէջ


13 տարի շարունակ ՙգործարար ոլորտի կանայք՚ մրցանակաբաշխութիւնը կ’իրականանայ ԱՄՆ-ի մէջ, որուն ծիրէն ներս կը պարգեւատրուին ոլորտի առաջնակարգ եւ օրինակելի ներկայացուցչուհիները: Փասատենայի Hilton հիւրանոցի մէջ կայացած է այս տարուան մրցանակաբաշխութիւնը:
30 պարգեւատրուածներու շարքին եղած են նաեւ Կլենտըլի Գալստեան բժշկական կեդրոնի բժշկուհի Ռամելա Մարգարեանը եւ Կլենտըլի ոստիկանութեան աշխատակցուհի, ոստիկան Լոլա Աբրահամեանը:
Մարգարեանը պարգեւատրուած է ՙշահոյթ չհետապնդող կազմակերպութեան ականաւոր աշխատակից՚ անուանակարգի մէջ: Ան նշուած բժշկական հաստատութեան ֆիզիքական զարգացման բաժանմունքի տնօրէնն է, Հայ-ամերիկեան բժշկական ընկերակցութեան Տիկնանց խորհուրդի նախագահը:
Աբրահամեանը լաւագոյնն է ՙկին իրաւապահ՚ անուանակարգին: Ան հանդէս կու գայ իբրեւ գործուն կամաւորական, կը զբաղի քրէական գործերու հետաքննութեամբ:









All the contents on this site are copyrighted ©.