2012-08-22 11:33:24

Վատիկանը Քույթէն Դէպի Պահրէյն Կը Տեղափոխէ Առաքելական Փոխանորդութեան Աթոռը ։


Պահրէյնի կառավարութիւնը կաթողիկէ եկեղեցւոյ տրամադրութեան տակ դրաւ շուրջ 9 հազար մեթր քառակուսի հող մը, նոր եկեղեցւոյ մը շինութեան համար։ Յայտնենք որ Արաբիոյ առաքելական փոխանորդութիւնը կը ներփակէ Սէուտական Արաբիան, Քուէյթը, Քաթարը եւ Պահրէյնը։ Այդ երկիրներու մէջ կ'ապրին շուրջ երկու միլիոն կաթողիկէ բանուորներ եկած՝ գլխաւորաբար Հնդկաստանէն, Փիլիպպեան Կղզեխումբէն եւ Պանկլատեշէն։ Ներկայիս առաքելական նուիրակն է գերապայծառ Գամիլլօ Պալլին։








All the contents on this site are copyrighted ©.