2012-08-22 11:00:45

Սուրիոյ Կառավարական Զօրքերը Վերականգնած են Վերահսկողութիւնը Հալէպի Հայաշատ Թաղամասերու Մէջ։


Հալէպի մէջ շրջանառուող լուրերուն համաձայն`(կը հաստատէ մէջ բնակող Tert.am-ի աղբիւրները ու նաեւ Սուրիոյ պետական հեռուստաընկերութիւնը) միայն Ժտայտէ թաղամասի մէջ, շուրջ 400 զինեալ ոչնչացուած է: Կան բազմաթիւ ձերբակալուածներ:
Այս պահուն կառավարական զօրքը կը շրջի հայաշատ թաղամասերու մէջ եւ ի նշան ապստամբներու դէմ տարած յաղթանակի կրակահերթեր կ’արձակէ:

Յիշեցնենք, որ Հալէպի մէջ կառավարական զօրքի եւ զինեալ ընդդիմութեան միջեւ ընթացող բախումներու կիզակէտին յայտնուած էին հայաշատ Ժտայտէ, Սուլէյմանիէ, Միտան թաղամասերը:
Հալէպի Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի մամուլի խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեան, Tert.am-ի հետ զրոյցի մէջ, տեղեկացուցած էր, որ պատկերը հայկական թաղամասերու մէջ ճակատամարտային չէ, բայց բախումներ կան: Ու այդ բախումներու հետեւանքով, ըստ նախնական տեղեկութիւններու, հայ համայնքը մարդկային եւ նիւթական կորուստներ չէ կրած...:








All the contents on this site are copyrighted ©.