2012-08-22 11:23:20

Յովհաննէս Պօղոս Ա.՝ Լուչիանի Քահանայապետին Ծննդեան Հարիւրամեակը։


Անոր հոգեւոր ժառանգութիւնը կը ոգեկոչուի յոյսի նշանաբանով։
Յովհաննէս Պօղոս Ա.-ի՝ 33 օրուայ քահանայապետութիւնը համայն աշխարհը յուզեց եւ աշխարհը բնաւ զինք չմոռցաւ, անոր հոգեւոր ժառանգութիւնը տակաւին կը մնայ մեծ ու ողջ մարդոց սրտին մէջ։ Հակառակ անոր որ ժամակամիջոցը քահանայապետութեան կարճատեւ էր , Լուչիանի Քահանայապետը կարողացաւ յոյս տալ աշխարհին։
Ան սովորութիւն ունէր, ՅՈՅՍԸ՝ որպէս ''քրիստոնէական կեանքի ԺՊԻՏ'' կոչել ։
Ան ծնած էր 17 հոկտեմբեր 1912-ին` հիւսիսայն Իտալիոյ Forno di Canale գիւղին մէջ։ Իր վատառողջութեան պատճառաւ անմիջապէս կնքուեցաւ։
Իր ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ նախատեսուած են բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ ոգեկոչելու Յոյսի Քահանայապետի հոգեւոր ժառանգութիւնը։ Յառաջիկայ 26 օգոստոսին պիտի վերակոչուի անոր Քահանայապետ ընտրութեան 34-րդ տարեդարձը։ Կարտինալ Էննիօ Անթոնելլի բացօթեայ պատարագ պիտի մատուցէ անոր ծննդավայրի հրապարակը։ 28 սեպտեմբերին` անոր մահուան տարեդարձին, հոգեհանգստեան պատարագ պիտի մատուցուի եւ ուխտագնացութիւն պիտի կազմակերպուի դէպի Հռոմ պատուելու անոր գերեզմանը Վատիկանի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.