2012-08-21 13:25:09

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Պատգամը Արխենթինայի Քրիստոնեայ Բանուորական Շարժումին։


Արխենթինայի քրիստոնեայ բանուորական շարժումի 27-րդ ընդհանուր համագումարին առթիւ, Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը ուղղեց ժողովականներուն խրախուսելով զանոնք ըլլալու ճշմարիտ քարոզիչները Աւետարանին։ Քրիստոնեան կանչուած է ըլլալու կառուցողը (շինարարը) քաղաքին ու արիութեամբ իր նպաստը բերելու երկրի հաստատութիւններուն։ Այսպէս, քրիստոնեայ բանուորը կարող պիտի ըլլայ նպաստելու ժողովրդային մշակոյթի ստեղծումին։
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը կ'եզրափակէ ըսելով ''Ձեր շարժումը պէտք է ըլլայ սիւնը սրբութեան''։
Յայտնենք որ քրիստոնեայ բանուորական շարժումի համագումարին կը մասնակցին աւելի քան եօթը հազար անդամներ, ունենալով որպէս բնաբան ''ըրէք այն ինչ որ ձեզի ըսէ- յոյսի սերմանողներ` կեանքի սպասաւորներ''։
Արխենթինայի Քրիստոնեայ բանուորական շարժումը ներկայիս կը հաշուէ աւելի քան 30 հազար անդամ, ստորաբաժնուած 800 ժողովրդապետութիւններու մէջ։
Եռօրեայ աշխատանքներու աւարտին, մասնակցողները ուխտագնացութիւն կը կատարեն ՜՜Լուխան Տիրամօր՝՝ սրբավայրը։ Աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն երկրի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը եւ ընկերային հովուութեան յանձնախումբի նախագահը։








All the contents on this site are copyrighted ©.