2012-08-21 13:23:37

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Նորին Սրբութիւնը Կ'ողջունէ Կապոնի Ժողովուրդը Ազգային Օրուան Առթիւ։
Կապոնի անկախութեան 52-րդ տարեդարձին առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ''երջանկութիւն ու խաղաղութիւն'' մաղթեց Կապոնի բնակչութեան, Աստուծմէ հայցելով որ օրհնէ Կապոնի բնակիչները որպէսզի քաջութիւնն ու կամքը ունենան ամրապնդելու զօրակցութիւնը երկրի զանազան խումբերու միջեւ։ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը կ'եզրափակէ իր առաքելական օրհնութիւնը տալով երկրի ղեկավարներուն ու բոլոր բնակիչներուն։
Յայտնենք որ 52 տարի առաջ օգոստոս 1960-ին Կապոնը իր անակխութիւնը ստացաւ ֆրանսացիներէն։ Կապոնը քրիստոնեայ երկիր մըն է, անոր բնակչութեան 85 առ հարիւրը քրիստոնեայ են։ Մահմետականները կը ներկայացնեն երկրին 10 տոկոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.