2012-08-21 13:56:08

Մելքիթներու Առաջնորդի Մտահոգութիւնը՝ ՜՜Օտար Մարտիկներու՝՝ Ներկայութեան Համար։


Մետրապոլիտ Ժան Ժումպարթ՝ առաջնորդը Հալէպի յոյն կաթողիկէներուն կոչ ուղղած է եւրոպացիներուն, որպէսզի զէնք չյանձնէ սուրիացի ընդդիմադիր խումբերուն։ Մեր յոյսն է որ եւրոպացիները խթանեն բոլոր սուրիացիները կլոր սեղան նստելու ու երկխօսութեան ճամբով լուծում մը գտնելու ներկայ ողբերգական կացութեան։ Մետրապոլիտը իր այս կոչին մէջ յայտնած է թէ ինք արգիլած է որ քրիստոնեայ հաւատացեալները մասնակցին քաղաքացիական պատերազմի։ Երկխօսութիւնը միակ ուղին է վերջ տալու եղբայրասպան պատերազմին, ուր մարդիկ ի զուր տեղ կը սպաննուին ու յաճախ անգիտակից՝ թէ ինչո՞ւ կը պատերազմին։ Մետրապոլիտ Ժումպարթ նաեւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց ի տես օտար ու մոլեռանդ իսլամ մարտիկներու ներկայութեան Հալէպի մէջ։ Մելքիթներու առաջնորդը գոհութիւն կու տայ Աստուծոյ որ մինչեւ օրս, քրիստոնեայ հասարակութիւնը, խնայուած է եղբայրասպան պատերազմէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.