2012-08-21 13:54:16

Երկու Համաշխարհային Պատերազմներ եւ Ցեղասպանութեան Տեսած 104-ամեայ Մովսէս Պապը Նոր Անձնագիր Ստացած է ։


Նախաձեռնութեամբ Վաղարշապատի Ոստիկանութեան անձնագրային բաժանմունքին, 17 Օգոստոսին, բաժանմունքի պետ Անդրանիկ Ադամեանը հանդիսաւոր պայմաններու մէջ ՀՀ քաղաքացիի անձնագիր յանձնած է Մարշալ Բաղրամեան գիւղի ամենատարեց բնակիչին` 104-ամեայ Մովսէս Դերմիշեանին: Ոստիկանութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տարածած հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք, թէ ՜՜Մովսէս պապիկը երկու համաշխարհային պատերազմ ու ցեղասպանութիւն տեսած է: Ծնած է 1908-ին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, այնուհետեւ ընտանիքով գաղթած են Արեւելեան Հայաստան՝՝ : Մարշալ Բաղրամեանի անունը կրող գիւղի առաջին բնակիչներէն ու հիմնադիրներէն է, գիւղի առաջին հողագործն ու շինարարը: Համագիւղացիները կը պատմեն, որ գիւղի մէջ առաջին խաղող պատուաստողը Մովսէս պապը եղած է: Իսկ ինքը այսօրուայ պէս կը յիշէ, թէ ինչպիսի դժուարութեամբ, Ստալինեան տարիներուն եւ Մարշալ Բաղրամեանի կենդանութեան օրերուն անուանակոչեցին գիւղը:









All the contents on this site are copyrighted ©.