Վերջին ամիսներուն, մեծ թիւով սուրիահայերու Հայաստան ներհոսքը ազդած է անշարժ գոյքի
գիներուն վրայ: Խօսքը, մասնաւորապէս, կը վերաբերի անոնց վարձակալման: «Կեդրոն» անշարժ
գոյքի գործակալութեան տնօրէն Գարիկ Դանիէլեան Tert.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ
ամրան ամիսներուն մայրաքաղաքին մէջ բնակարաններու վարձակալման գինը բարձրացած է մօտ 20-30%-ով։