2012-08-18 12:52:19

Ռուսիա Օգնութեան Կը Հասնի Քոսովոյի Պատմական Ժառանգութեան Պահպանումին։


Տրամադրելով երկու միլիոն ամերիկեան տոլար օրթոտոքս վանքերու վերանորոգումներուն համար։
Մինչ Սերպիոյ պատրիարք Իրենէյ հրապարակաւ կը յայտարարէ որ Քոսովօ-ն` ''Սերպիոյ Երուսաղէմը'' էր եւ կը մնայ Սերպիոյ սուրբ երկիրը, Ռուսիոյ դաշնակցութիւնը օգնութեան կը հասնի Քոսովոյի պատմական ժառանգութեան պահպանումին, երկու միլիոն ամերիկեան տոլար տրամադրելով Ունեսքոյին, որպէսզի ան իր կարգին վերանորոգէ Քոսովոյի օրթոտոքսներու չորս վանքերը։ Յայտնենք որ Քոսովայի մէջ աւելի քան 150 եկեղեցիներ ու վանքեր քանդուած են, սրբապղծուած ու դալանուած են մահմետական ալպանացիներու ձեռքով 1998-1999 եւ մարտ 2004 տարիներուն։ 17 փետրուար 2008-ին Քոսովոյի ալպանացի կառավարութիւնը ԱՄՆի ու Եւրոպայի միութեան օգնութեամբ, միակողմանի անկախութիւնը հռչակած են Սերպիոյ այս մէկ մարզին։ Իսկ Սերպիան բողոքած՝ ու մերժած է ընդունիլ Քոսովոյի անկախութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.