2012-08-18 12:55:54

Մոսկուայի Պատրիարքի Ու Լեհ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Միացեալ Պատգամը։


Ներում Եւ Հաշտութիւն -
Ուրբաթ օրը, Վարշաւայի մէջ, պատմական օր մը հանդիսացաւ Ռուս օրթոտոքս եկեղեցւոյ ու կաթողիկէ լեհ եկեղեցւոյ միջեւ հաշտութեան նշանաբանով։
Լեհ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նախագահը' արքեպիսկոպոս Ժոզէֆ Մեխալիք եւ համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ պատրիարքը, որ առաջին անգամն է որ պաշտօնական այցելութիւն կը կատարէ Լեհաստանի, միասնաբար ստորագրած են միացեալ պատգամ մը ուղղուած՝ Ռուսիոյ ու Լեհաստանին։
Պատգամին մէջ երկու եղկեղեցապետերը կը հրաւիրեն ռուս ու լեհ ժողովուրդները ՜՜ներումի, հաշտութեան ու երկխօսութեան՝՝ ամոքելու անցեալի վէրքերը եւ ընթանալու հոգեւոր ու նիւթական վերանորոգումի ճանապարհի վրայ։ Պատգամին աւարտին երկու հայրապետները կը գրեն ՜՜Յարուցեալ Քրիստոսը յոյսն է մեր եկեղեցիներուն ու աշխարհին՝՝։
Անոնք կը հայցեն Տիրամօր բարեխօսութիւնը ամրապնդելու հաշտութիւնը ու մօտեցումը երկու եկեղեցիներուն ու ազգերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.